Սփիւռքի նախարարութեան մէջ Սուրիահայերու հարցերով զբաղող յատուկ յանձնաժողովի նախագահ Ֆիրդուս Զաքարեան յայտնած է, թէ Հայաստան տեղափոխուած եւ հոն բնակող Սուրիահայերու թիւը 10 հազարը գերազանցած է: Անոնք Հայաստան կու գան անցնելով ընդհանրապէս Լիբանանէն եւ Եգիպտոսէն:
«Արդէն երկու ամիս է՝ շաբաթական երկու օր Պէյրութ-Երեւան չուերթ կայ, եւ այդ չուերթներով Հայաստան եկողների աւելի քան 30-40 տոկոսը Սիրիահայեր են: Այստեղ աւելի շատ արտօնութիւններ կան Սիրիահայերի համար, դրա համար էլ իրենք գերադասում են Հայաստան գալ»,- ըսած է Ֆ. Զաքարեան: Ան նշած է, թէ Հայաստան գացող Սուրիահայերը ընդհանրապէս կը մնան հոն, նոյնիսկ եթէ մեծ թիւով Սուրիա վերադարձողներ ալ կան:
Աւելցուցած է նաեւ, որ վերջին տարիներուն նման հոսք եղած էր նաեւ Իրաքէն, սակայն ի տարբերութիւն Սուրիահայերուն՝ Հայաստան եկած շուրջ 2000 Իրաքահայերուն մեծ մասը մեկնած է այլ երկիրներ:
Յիշեցնենք, որ կառավարութիւնը Սուրիահայերուն համար կը պատրաստուի կառուցելու Նոր Հալէպ թաղամասը: Ըստ Ֆ. Զաքարեանի՝ թաղամասի նախագծային աշխատանքները վերջանալու մօտ են, սկսած են տարածքին երկրաբանական հետազօտութիւնները:
«Մենք յոյս ունենք, որ ֆինանսների առկայութեան դէպքում յաջորդ տարուայ խորը աշնանը Սիրիահայերն արդէն կը տօնեն իրենց բնակարանամուտը»,- աւելցուցած է ան: Նշեալ թաղամասը նախատեսուած է 500 ընտանիքի համար, սակայն դիմում ներկայացուցած ընտանիքներու թիւը արդէն 550 է: Նպատակ կայ այս ծրագիրը շարունակական դարձնելու: