Անակնկալ նուէր մը յանձնեց ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւնը Հայաստանի վարչապետին, բողոքի բաժակ մը նուիրելով իրեն՝
կառավարութեան՝ ուսման բարձր վարձքերու, ցած կրթաթոշակներու, արտագաղթի, կաշառակերութեան, մոնոփոլներու, եւ ընդհանրապէս անարդիւնաւէտ կառավարման համար:
Երթը կազմակերպուած էր ուսանողի օրուան՝ Նոյեմբեր 17-ին ընդառաջ: Երթի մասնակիցները յայտնեցին թէ գրեթէ բոլոր համալսարաններուն մուտքերուն առջեւ կանգնած էին ուսուցիչներու խորհուրդի նախագահները, փակելով դռները որպէսզի ուսանողները չկարողանան մասնակցիլ երթին: