Երեւան-Եղվարդ ճանապարհին տեղի ունեցած վթարի հետեւանքով կալանաւորուած եւ «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» տեղափոխուած յայտնի դերասան Վարդան Պետրոսեանին Նոյեմբեր 18-ին տեղափոխեցին «Քանկոր» սրտանոթային բժշկութեան կեդրոն:

Այդ մասին news.am-ի թղթակիցին յայտնեց անոր փաստաբան Նիկոլայ Բաղդասարեան:

Փաստաբանը նշեց, որ դերասանի առողջական վիճակը վատացած էր, սիրտի հետ կապուած խնդիրներ ունի, որոնք գոյութիւն ունէին, որոնք այժմ սաստկացան: Հարազատները դիմած էին արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանին՝ անոր տեղափոխելու խնդրով:

Վարդան Պետրոսեան այժմ կը քննուի եւ փաստաբանի փոխանցմամբ, դատելով առողջական վիճակէն, հաւանաբար կը մնայ այնտեղ: Առայժմ խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ որեւէ որոշում չէ առնուած, նշեց Բաղդասարեան: