Ստեփանակերտի օդանաւակայանի շահագործման կարեւոր հարցին վերաբերող նիւթը քննարկուած է Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, ՀՀ վարչապետին ուղղուած հարցումէ մը ետք, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանի կողմէ:

 Պատասխանելով հարցումին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը յայտնած է թէ «Ստեփանակերտի օդանաւակայանի խնդիրը մեր օրակարգային կարեւորագոյն խնդիրներից մէկն է: Կարեւոր է, որպէսզի այդ օդանաւակայանի շահագործման խընդիրը կարողանանք զերծ պահել քաղաքական շահարկումների դաշտից, ինչն այսօր ագրեսիւ կերպով իրականացւում է Ադրբեջանի կողմից: Մենք մտադիր ենք այս նպատակին հասնել առանց լրացուցիչ լարուածութեան», շեշտած է վարչապետը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող իրադարձութիւններուն՝ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը յիշեցուցած է, որ ձեռք բերուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման համաձայնութիւն: «Բանակցութիւնների շուրջ որեւէ նոր տեղեկատուութիւն, որը լաւատեսութիւն է ներշնչում, հայկական կողմը չունի»:

Ըստ վարչապետին՝ յառաջիկայ հանդիպման նպատակն է երկխօսութեան եւ բանակցային գործընթացի շարունակականութիւնը ապահովելը: