Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հրաւէրին ընդառաջելով՝ այսօր Աթէնք կը ժամանէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գըլխաւորած պատուիրակութիւնը, երկու օրուայ պաշտօնական այցելութիւն մը կատարելով:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը երկու օրուայ ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ Յունաստանի վարչապետին, իր պաշտօնակից նախարարին, երկրի քաղաքական շրջանակներու եւ Յունաստանի Զինուած ուժերու բարձրապաշտօն ներկայացուցիչներու հետ: