Այսօր Քիեւի մէջ կը կայանայ ԵԱՀԿ անդամ երիկրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը, որու ծիրէն ներս հանդիպում նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 3 Դեկտեմբերին «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» միջազգային կազմակերպութեան հրապարակած Կաշառակերութեան (փտածութեան) վերաբերող վերջին զեկոյցին մէջ Հայաստան 11 կէտով բարելաւած է իր դիրքերը: 177 երկիրներու մէջ Հայաստան կը գտնուի 94րդ հորիզոնականի վրայ (նախորդ տարի 105րդ էր):

ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը երէկ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծի ծրագրային դիտարկում կատարեց‘ Հատրութի ուղղութեամբ:

Հայաստանի պետական ցուցակը կ'ընդգրկէ 24 հազար 225 յուշարձան

Հայաստանի մէջ յուշարձաններու լիարժէք պահպանութեան եւ վերականգնման համար անհրաժեշտ են ոչ միայն պետական յատկացումներ, այլեւ նիւթական յաւելեալ ներդրումներ մասնաւոր հատուածի կողմէ: Նման համոզմունք, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը:

Եթէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկէ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգը մէկ տարիով յետաձգելու նախագիծին, ապա չորս խորհրդարանական խմբակցութիւններ Սահմանադրական Դատարան պիտի դիմեն: