ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Արցախի փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը «Ապառաժ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսած է  Արցախի եւ ազատագրուած տարածքներու զարգացման ծրագիրներուն ի նպաստ վիճակահանութեան մասին՝

ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպական յանձնաժողովը «Արեւելեան գործընկերութեան համարկում եւ համագործակցութիւն» ծրագիրի ծիրին մէջ 87 միլիոն եւրօ լրացուցիչ նիւթական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին, Վրաստանին եւ Մոլտովայի:

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասին մէջ անձնասպան եղած է 1994ի ծնունդ զինուոր Վանիչկա Արամայիսի Յովակիմեանը։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), Ժաք Ֆորը (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Մարզական լրագրողներու  հանրապետական ֆետերասիոնի հարցման արդիւնքներով որոշուեցան  2013 թ. մրցաշրջանի 10 լաւագոյն   մարզիկները: