Եթէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկէ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգը մէկ տարիով յետաձգելու նախագիծին, ապա չորս խորհրդարանական խմբակցութիւններ Սահմանադրական Դատարան պիտի դիմեն:
Այս յայտարարութիւնը կատարեց ՀՅ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը, նշելով թէ հակառակ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարի յայտարարութեան՝ թէ իրենք դէմ պիտի քուէարկեն օրինագիծին, այնուամենայնիւ, հանրապետականներուն մէջ կան մարդիկ, որոնք դէմ են օրինագիծին:
Ցուցարարները աւելի մեծ թիւերով կը բողոքեն
Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակի դէմ բողոքող տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի մասնագէտները, ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ նախագահի նստավայրին մօտ նախանցեալ օր բողոքի ցոյցը աւարտեցին իրենց պահանջները ներկայացնող նամակ յանձնելէ ետք:
Ցուցարարները կը փորձէին միասին անցնիլ նախագահական նստավայրի մայթ եւ յանձնել նամակը, սակայն ոստիկանները միայն հինգ հոգիի թոյլ տուին անցնիլ փողոցը եւ նամակը յանձնել նամակներու բաժին:
ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան ցուցարարներուն յայտնեց, որ օրէնքով սահմանուած կարգով Հայաստանի նախագահը 15 օրուան ժամկէտի մէջ պարտաւոր է պատասխանելու նամակին: «Նամակի դրական կամ բացասական պատասխանը կախեալ է նախագահէն, եւ նոյնքան ալ մեզմէ: Եթէ մենք կամք եւ վճռակամութիւն ցոյց տանք, միաւորուած ըլլանք, համախմբուած պայքարինք, եթէ առնուազն այդ 15 օրուան ընթացքին նախագահը տեսնէ, որ իր առջեւ կանգնած է ժողովուրդ, ուժ, միասնականութիւն, ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ ստիպուած պիտի ըլլայ գոհացնելու մեր պահանջները: Իսկ եթէ մենք բաժան-բաժան, մէկըզմէկու չհասկնալով տարակարծիք գործողութիւններ կատարենք, հաստատ ասիկա դրական արդիւնք պիտի չունենայ», ըսաւ Գերասիմ Վարդանեան:
Ամբողջ ցոյցին ընթացքին երի- տասարդները կը բացագանչէին՝ «Ո՛չ», «Դէմ ենք», «Մենք ենք տէրը մեր երկրի»: Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Դէմ եմ պարտադիրին», «STOP կուտակային կենսաթոշակին», «Կրկին մեր հաշուին»: Ազգային ժողովի շէնքի ճաղերուն վրայ անոնք զետեղեցին «Ո՛չ պետական գրպանահատութեանը» գրութեամբ հսկայ պաստառ մը: Ամբողջ ցոյցին ընթացքին ցուցարարներուն կը հսկէին մեծ թիւով ոստիկաններ։
Ցոյցի մասնակիցները յայտարարեցին, թէ երբ քննարկուի (այսօր) օրէնքէն պարտադիր բաղադրիչը հանելու չորս խմբակցութիւններու՝ ՀՅԴ-ի, Ժառանգութեան, Բարգաւաճ Հայաստանի եւ Հայ ազգային քոնկրեսի ներկայացուցած առաջարկին շուրջ քուէարկութիւնը, իրենց թիւը Ազգային ժողովին առջեւ աւելի մեծ պիտի ըլլայ:
Ցուցարարներուն մօտեցած էր Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Մանուկեան:
Ինչ կը պահանջեն ցուցարարները
Նշենք, որ ցուցարարները կը պահանջեն չեղեալ յայտարարել 1 Յունուար 2014-էն ուժի մէջ մտնող կենսաթոշակներու մասին նոր օրէնքը, որով կը նախատեսուի իւրաքանչիւր քաղաքացիի ամսական աշխատավարձէն 5 առ հարիւր պարտադիր յատկացում կուտակային կենսաթոշակային հիմնադրամներուն:
Գործիչները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին այն մասին, որ պարտադիր կուտակային բաղադրիչի խնդիրը ո՛չ միայն զիրենք պէտք է անհան- գըստացնէ, այլ նաեւ ուսանողները, որոնք վաղը իրենք եւս իրենց աշխատավարձերու փոշիացման հարցին դէմ յանդիման պիտի ըլլան, սակայն որեւէ համալսարանի ուսանողական խորհուրդ ցարդ իրենց բողոքին չէ միացած: