Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը վերանորոգման նպաոտակով փակ է ու պիտի վերաբացուի 2015ի Ապրիլ 24ին՝ նոր ցուցադրութեամբ:

Կենսաթոշակային պարտադիր 5 առ հարիւր վճարումին դէմ են քաղաքացիները, որոնցմէ ոմանք, Ձմեռ պապի հագուստ հագած, ցոյցի ելան Երեւանի մէջ։

Անցեալ շաբաթ, նախագահ Փութինի Հայաստան այցելութեան առթիւ, «Հայռոսգազարդ»ի 20%ին՝ ռուսական կողմին յանձնումը, ռուսական կազի սակագինը կը շարունակեն առատ մելան հոսեցնել հայաստանեան թէ ռուսական մամուլին:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Փարիզի մէջ մասնակցած է օփերայի նշանաւոր երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէի «Հայաստան Եւ Արցախ. Քրիստոնէութեան Կղզեակ» ալպոմի շնորհահանդէսին:

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայերուն համար կառուցուող «Նոր Հալէպ» թաղամասի նախագիծին հեղինակները՝ Վահէ եւ Գոհար Թութունճեանները 11 Դեկտեմբերին ներկայացուցած են թաղամասին ամբողջական յատակագիծը: