Հայաստանի պետական ցուցակը կ'ընդգրկէ 24 հազար 225 յուշարձան

Հայաստանի մէջ յուշարձաններու լիարժէք պահպանութեան եւ վերականգնման համար անհրաժեշտ են ոչ միայն պետական յատկացումներ, այլեւ նիւթական յաւելեալ ներդրումներ մասնաւոր հատուածի կողմէ: Նման համոզմունք, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը:

Անոր խօսքով՝ վերջին տարիներուն ակնառու են այն օրինակները, երբ պետութեան եւ մասնաւոր հատուածի համագործակցութիւնը կու տայ դրական արդիւնք:

«Հայաստանի պետական ցուցակում գրանցուած է 24 հազար 225 յուշարձան: Որքան էլ պետութիւնը ներդրումներ կատարի, քիչ է լինելու, քանի որ յուշարձանների պահպանութիւնը չի կարող մշտապէս լինել միայն պետական հոգածութեան ներքոյ: Այդ պատճառով մենք քայլեր ենք ձեռնարկում նաեւ մասնաւոր հատուածին ներգրաւելու ուղղութեամբ»,- ըսած է Սամուէլեանը: Ըստ իրեն` պատմամշակութային ժառանգութիւնը մեր երկրի լաւագոյն այցեքարտն է, որուն պահպանութիւնը ունի իւրաքանչիւր քաղաքացիի մասնակցութեան կարիքը:

Մշակոյթի փոխնախարարը փաստած է, որ, ի թիւս այլ օրինակներու, պետութիւն եւ մասնաւոր հատուած համագործակցութեան թարմ եւ վառ օրինակ է «Յովհաննէս Իմաստասէր Կաթողիկոս Օձնեցի» բարեգործական հիմնադրամը, որ ունի եռամեայ կենսագրութիւն եւ ստեղծուած է պատմութեան եւ ճարտարապետութեան բացառիկ հայրենի յուշարձանները կեանքի կոչելու համար Մշակոյթի նախարարութեան նախագիծերով եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հաւանութեամբ:

Ան ոլորտին մէջ յառաջընթաց ապահովելու գործին մէջ կաեւոր համարած է նաեւ հասարակութեան հետ տարուող աշխատանքը, բոլոր խաւերու ներգրաւուածութիւնը: «Այս երիտասարդները, ովքեր քանդուող յուշարձանների տարածքում գրական ընթերցումներ են կազմակերպում, նոյնպէս մեծ գործ են անում»,- նկատած է Սամուէլեան:

Մշակոյթի փոխնախարարը անհրաժեշտութիւն կը համարէ յուշարձաններու պահպանման վերահսկողութեան օրէնսդրական խստացումը:

Անոր խօսքով, յուշարձաններու պահպանութեան ոլորտին մէջ համապատասխան վերահսկողական մարմին՝ տեսչութիւն, ստեղծելու առաջարկով նախարարութիւնը արդէն դիմած է ՀՀ կառավարութեան:

Անդրադառնլով 2014-ի ընելիքներուն՝ Սամուէլեան նշած է, որ պետական ծրագիրով նախատեսուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս նախանշուած են պատմամշակութային 25 յուշարձաններու նախագծման, ամրակայման եւ վերականգնման աշխատանքներ: