ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը երէկ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծի ծրագրային դիտարկում կատարեց‘ Հատրութի ուղղութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական վարչութիւնը փոխանցեց, որ դիտարկումը տեղի ունեցաւ ըստ ժամանակացոյցին եւ զինադադարի դրութեան խախտումներ չարձանագրուեցան:
Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցեցան արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները: