ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու առաջարկով եւ անհրաժեշտ թիւիվ ստորագրութիւններ հաւաքելու միջոցաւ Ազգային ժողովը ստիպուեցաւ քննարկելու պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի ներդրումը մէկ տարիով յետաձգելու հարցը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով՝ Հայաստան կը գտնուի Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը 30 Նոյեմբերին մասնակցեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդականի խորհրդաժողովին՝ Տիգրանակերտի մէջ:

«Հայկական կողմը շատ աշխուժ է եւ բարձր արհեստավարժութիւն կը ցուցաբերէ, ինչ որ մեզի վատ վիճակի մէջ կը դնէ եւ ամէն ինչ կ'ընենք, որպէսզի Հայաստանի անդամակցութիւնը Մաքսային Միութեան ըլլայ շատ արագ»։

Անցեալ շաբաթ կառավարութիւնը որոշած էր ռուսական 102րդ ռազմաբաժնին նոր տարածքներ տրամադրել՝ Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ: Այդ առթիւ կը շրջէին նաեւ լուրեր թէ «Էրեբունի» օդակայանը կը տրամադրուի Ռուսերուն: