ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով բանաստեղծուհի Սոնա Վան պարգեւատրուեցաւ Մովսէս Խորենացի մետալով՝ հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած աւանդի համար:

Հետզհետէ բարձրացող ցուցանիշներով կÿարձանագրուի Յունաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը: Հոկտեմբեր 2013ին ցուցանիշը 27,8% հասաւ, մինչ Սեպտեմբեր 2013ին 27,7% էր եւ տարի մը առաջ՝ 26,1%:

Avenue Consulting Group խորհրդատուական ընկերութեան կանխատեսումներուն համաձայն՝  օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւը մինչեւ 2014-ի աւարտ տարեկան կը հասնի մօտ մէկ միլիոնի, որ 20 անգամ աւելի է, քան 2000-ի ցուցանիշը:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Յունուար 8-ին այցելած է Փանամա:
ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Փանամայի արտաքին գործոց նախարար Ֆերնանտօ Ֆապրեկայի հանդիպման ընթացքին

Յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանի մէջ գնաճը պիտի նուազի եւ պիտի մօտենայ 4%ի նպատակային մակարդակին, պահպանելով տատանումներու թոյլատրելի միջակայք: Այս կանխաետսումը կատարած է Կեդրոնական Դրամատունը:
Կը սպասուի նաեւ երկրի տնտեսական աճի արագացում: