Լիմայի մէջ պաշտօնական այցելութեամբ գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Փերուի ԱԳՆ դիւանագէտներու առջեւ Յունուար 7-ին հանդէս եկած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ծաւալուն ելոյթով:

Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Էդուարդ Նալպանտեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուցած է հայ-փերուական յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով Լիմայի մէջ կայացած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարները, լատինամերիկեան եւ այլ տարածաշրջաններու հետ Հայաստանի փոխգործակցութիւնը, միջազ- գային եւ տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը մանրամասն ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը՝  ընդգծելով, որ Հայաստանը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու հետ համատեղ պիտի շարունակէ հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղուած գործընթացը: Նախարար Նալպանտեան նշած է, որ Յունուարի երկրորդ կիսուն Փարիզի մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հանդիպումը:
Ելոյթէն ետք նախարար Նալպանտեանը պատասխանած է ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն: