Avenue Consulting Group խորհրդատուական ընկերութեան կանխատեսումներուն համաձայն՝ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւը մինչեւ 2014-ի աւարտ տարեկան կը հասնի մօտ մէկ միլիոնի, որ 20 անգամ աւելի է, քան 2000-ի ցուցանիշը:
Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը։
“Վերջին 10 տարիներու ընթացքին Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտը, որը ՀՀ կառավարութեան կողմէ գերակայ ոլորտներու շարքին կը դասուի, զգալի աճ գրանցեց` տարեկան մօտ 25 տոկոս: Այսպէս, վերջին 5 տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտի որակական փոփոխութիւններ, ստեղծուեցան համապատասխան ենթակառուցուածքներ (բարձրակարգ հիւրանոցներ, սնունդի սպասարկման ծառայութիւններ), ձեւաւորուեցան կայուն գործող զբօսաշրջային երթուղիներ, զարգացան ծառայութիւններու եւ սպասարկման ոլորտները,-նշուած է ընկերութեան զեկոյցին մէջ: