Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանին մէջ Լոս Անճելըսէն  ընտրուած դեմոկրատ պատգամաւոր, նահանգային խորհրդարանի յատկացումներու յանձնաժողովի նախագահ Մայք Գաթոն օրինագիծ մը ներկայացուցած է, որը կը ճանչնայ եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ'ուղղէ  ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղը, որպէս ինքնիշխան պետութիւն:

Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն» լրատուամիջոցը յղում կատարելով Ամերիկայի հայկական խորհուրդին:
Մայք Գաթոն յայտնած է, որ օրինագիծի մշակման ժամանակ աշխատած է հայ համայնքի  որոշ ակնառու ներկայացուցիչներու հետ, ապա աւելցուցած է. «Ես յատկապէս պատիւը ունիմ այս օրինագիծը ներկայացնել մեր օրէնսդրութեան, այն օրը, երբ աշխարհի հայերը իրենց ընտանիքներու եւ սիրելիներուն հետ կը տօնեն Սուրբ Ծնունդը»:
Քալիֆորնիայի օրէնսդիր մարմնի երկու պալատներուն կողմէ ընդունուելու պարագային՝ օրինագիծի պատճէնը պիտի փոխանցուի Միացեալ Նահանգներու  նախագահին, ԱՄՆ-ի Գոնկրեսի Սենատի եւ  Ներկայացուցիչներու պալատի քարտուղարութիւններուն, ամերիկեան Գոնկրեսի մէջ Քալիֆորնիայի պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն, կը նշուի Ամերիկայի հայկական խորհուրդի հաղորդագրութեան մէջ:

 

Հաղորդագրութեան համաձայն, AJR 32 օրինագիծը, մասնաւորապէս, կը յիշեցնէ Միացեալ Նահանգներու պատմութիւնը՝ կապուած «ինքնորոշման եւ ժողովրդավարական անկախութեան» ժողովուրդի իրաւունքին  հետ:

 

 

 

Արցախը Շօշափելի Յաջողութիւններ Կ'արձանագրէ
Միջազգային Ճանաչման Հարցով. Դաւիթ Բաբայեան

Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն ճանչնալու վերաբերեալ օրինագիծը, որ Յունուար 6-ին ներկայացուած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարան, կ'ապացուցէ, որ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացը աշխոյժ քայլերով կÿընթանայ առաջ: Ասիկա շատ կարեւոր եւ դրական գործընթաց է, որ նաեւ պիտի նպաստէ երկկողմ յարաբերութիւններու հաստատման Քալիֆորնիոյ նահանգի եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան‘ աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնն ու Արցախի ժողովուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնեն օրինագիծի հեղինակ Մայք Կաթոյին, որ մեծ աշխատանք իրականացուցած է այս տարիներուն ընթացքին եւ նպաստած Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին:
Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով, Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները արդէն ունին երեք տարուան պատմութիւն, եւ այդ ժամանակահատուածին արձանագրուած են նաեւ առաջին յաղթանակները: «Ճանաչման գործընթացը մենք սկսում ենք ամենացածր օղակներից՝ քաղաքային համայնքներից, նահանգներից եւ կարող ենք փաստել, որ հասել ենք լուրջ յաջողութիւնների: ԱՄՆ չորս նահանգ, Աւստրալիայի Հարաւային Ուելս նահանգը ճանաչել են Արցախի անկախութիւնը: Գործընթացը մեկնարկել է Քալիֆորնիայում եւ շարունակական է լինելու: Քալիֆորնիա նահանգում կան նաեւ քաղաքներ, որոնք արդէն ճանաչել են ԼՂ անկախութիւնը: Դրանցից վերջինը Ֆրեզնոն էր: Մի քանի տարի անց այս հիմքի վրայ կը լինեն լուրջ նախաձեռնութիւններ, որպէսզի Արցախը ճանաչուի պետական մակարդակովէ»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը‘ շեշտելով, որ Արցախի ճանաչման գործընթացը կը շարունակուի, եւ տարուան ընթացքին այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ նոյնպէս պիտի ներկայացուին նմանատիպ օրինագիծեր. այս առնչութեամբ հայկական կողմը կÿաշխատի եւ կը ներդնէ ողջ ներուժը:
Անդրադառնալով ատրպէյճանական կողմի հակաքայլերուն եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան, ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակը ըսած է, որ հայկական կողմը Ատրպէյճանին հակադրելու ոչինչ ունի: