ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Յունուար 8-ին այցելած է Փանամա:
ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Փանամայի արտաքին գործոց նախարար Ֆերնանտօ Ֆապրեկայի հանդիպման ընթացքին

շարունակուած են անցեալ տարուան Սեպտեմբերին Նիւ-Եորքի մէջ մեկնարկած քննարկումները երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ: Այս ծիրէն ներս նախարար Ֆապրեկան, ողջունելով հայաստանցի գործընկերոջ այցելութիւնը Փանամա, նշած է, որ անիկա նոր լիցք պիտի հաղորդէ երկկողմ  համագործակցութեան:
Նախարար Նալպանտեան ըսած է, որ թէեւ Հայաստանն ու Փանաման հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու են, սակայն երկիրները համակարծիք են միջազգային շատ հարցերու շուրջ, որ լաւ հիմք կը հանդիսանայ տարբեր բնագաւառներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացման համար:
Երկուստեք կարեւոր համարած են բարձրաստիճան այցերու կազմակերպումը, իրաւա-պայմանագրային դաշտի ձեւաւորման, ԱԳՆ-երու միջեւ խորհրդատուութիւններու իրականացման, միջազգային կառոյցներու մէջ փոխգործակցութեան սերտացման անհրաժեշտութիւնը, շեշտած են, որ մայրաքաղաքներու մէջ համատեղութեան կարգով դեսպաններու հաւատարմագրումը պիտի նպաստէ երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել ընդլայնման:
Ֆերնանտօ Ֆապրեկան Էդուարդ Նալպանտեանին ներկայացուցած է Փանամայի ջրանցքի ընդարձակման նպատակով իրականացուող աշխատանքները: Նախարարները մտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ:
Նոյն օրը Էդուարդ Նալպանտեանը հիւրընկալուած է Փանամայի ազգային ժողովին մէջ, ուր կայացած է Փանամայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Տալիա Պերնալի հետ հանդիպումը, որուն մասնակցած է նաեւ արտաքին գործոց փոխ նախարար Մայրա Արօսեմենան:
Փանամայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը Հայաստանի ԱԳ նախարարին ներկայացուցած է իր կողմէ ղեկավարուող յանձնաժողովի գործունէութիւնը, այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած Փանամայի խորհրդարանին կողմէ իրականացուող աշխատանքները:
Նախարար Նալպանտեանը զրուցակիցին ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման նպատակով Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը: