2016 թուականի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու Եւրոպայի ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւորներէն մէկը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի պետական նաւթային SOCAR ընկերութիւնը: Այդ մասին արդէն պայմանագիր կնքուած է UEFA-ի հետ:

Այս կը նշանակէ, թէ Եւրօ 2016ի որակման բոլոր խաղերուն,  մարզադաշտերուն մէջ պիտի պարզուին հովանաւորին՝ SOCAR-ի գովազդները: Այսինքն, այդ գովազդը պիտի պարզուի նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք մեր ազգային հաւաքականի որակման խաղերուն:
Բայց, Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան հեռատեսիլի «Արմենիա» կայանէն յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ մեր ազգային հաւաքականի խաղերու ընթացքին ատրպէյճանական պետական նաւթային ընկերութեան գովազդ պիտի չըլլայ: Ռուբէն Հայրապետեան աւելցուցած է, որ բաւական դժուար բանակցութենէ ետք կարելի եղած է ԻՒԷՖԱ-ի հետ այդ համաձայնութեան յանգիլ:
Ի դէպ, գլխաւոր հովանաւորի գովազդները պէտք է հեռասփռուին նաեւ հեռատեսիլէն: Այդ մասին Հայրապետեան յայտարարած է, որ ինք որպէս Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ պատասխանատու է միայն մարզադաշտէն եւ հեռատեսիլի կայանները իրենք պէտք է որոշեն, թէ ի՞նչ պիտի ընեն:
Ան անդրադարձած է նաեւ 2020ին, ազգային հաւաքականներու Եւրոպայի ախոյեանութեան քաղաքներէն մէկը ըլլալու Երեւանի դիմումին: Նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան 60ամեակին առթիւ ԻՒԷՖԱ որոշած է 2020ի մրցաշարքը կազմակերպել ոչ թէ մէկ կամ երկու երկրի մէջ ինչ որ սովորութիւն է, այլ Եւրոպայի քանի մը քաղաքներուն մէջ: Դիմում ներկայացուցած է նաեւ Երեւան, սակայն ըստ Ռուբէն Հայրապետեանի, շատ քիչ հաւանականութիւն կայ որ ընդունուի: Պատճառը եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան մարզադաշտի բացակայութիւնն է եւ այդ կը պահանջէ աւելի քան 100 միլիոն տոլարի ներդրում, ինչ որ Հայաստանի կարելիութիւններէն վեր է: