ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պուտափեշտի մէջ ՆԱԹՕի դասընթացքներուն ընթացքին, քնացած ատեն կացինահարուած Գուրգէն Մարգարեանին նուիրուած յիշատակի երթ տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ, որ սկսած է Լենինկրատեան փողոցին վրայ կանգնեցուած յուշարձանէն եւ շարունակուած դէպի Եռաբլուր պանթէոն:

Հարիւրաւոր քաղաքացիներ նախ կիսանդրիին մօտ, այնուհետեւ Եռաբլուրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են հայ սպային:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Մարգարեանի սպանութիւնը որակեց «մէկանգամեայ ցեղասպանութիւն»: «Տասը տարի է անցել, եւ մենք եկել ենք, որ յարգանքի տուրք մատուցենք հայ սպային: Մեր սպային սպանել են միայն այն բանի համար, որ նա հայ է, եւ ոճրագործն էլ խոստովանել է, որ ինքը պատրաստուել է հայ սպանելու», նշած է Սէյրան Օհանեան՝ աւելցնելով, որ հերոսներ են այն մարդիկը, որոնք այսօր առաջին գիծին վրայ գիշերուզօր կը պաշտպանեն հայրենիքը, հակահարուած կու տան թշնամիին յարձակումներուն եւ հարկ եղած ժամանակ իրենց կեանքին գնով կը հերոսանան:
«Ադրբեջանի համար հերոսները այլ մարդիկ են՝ նրանք, որոնք կարողանում են գիշերը կացնահարել», դիտել տուած է պաշտպանութեան նախարարը:
Հայ սպային մահուան 10ամեայ տարելիցը յարգեցին ո՛չ միայն սպային հարազատներն ու ընկերները, այլ նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, «Զինուոր» հասարակական կազմակերպութեան համակարգող խորհուրդի նախագահ Մարգարիտա Խաչատրեանը, գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեանը, թիւ 22 դպրոցի եւ Գուրգէն Մարգարեանի անուան 126 մանկապարտէզի սաները: