Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ստորագրեց հրամանագիր մը որուն հիմամբ տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը նաեւ փոխ վարչապետ նշանակուեցաւ: Հրամանագիրը հրապարակուած է ՀՀ նախագահի կայքին վրայ:

Արմէն Գէորգեան փոխվարչապետ եւ տարածքային կառավարման նախարար էր նաեւ նախորդ կառավարութեան կազմին մէջ:
Անցեալ շաբաթ աւելի կանուխ հրամանագիրներու շարքով մը նախագահ Սարգսեան նոր կառավարութեան մէջ կատարեց հետեւեալ նշանակումները. Դաւիթ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար նախարար, Արմէն Երիցեան‘ արտակարգ իրավիճակներու նախարար, Յասմիկ Պօղոսեան՝ մշակոյթի նախարար, Կարէն Ճշմարիտեան՝ տնտեսութեան նախարար, Գագիկ Բեգլարեան՝ փոխադրութեան եւ կապի նախարար, Նարեկ Սարգսեան՝ քաղաքաշինութեան նախարար, Հրանուշ Յակոբեան՝ սփիւռքի նախարար, Արմէն Մուրատեան՝ առողջապահութեան նախարար: