ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագրի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ մեծանուն հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի նուիրուած միջոցառում եւ «Ողբերգական լոյսի գոյները» խորագրով ցուցահանդէս-վաճառքի բացում,

որուն կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի մէջ Պրազիլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էդսոն Մարինյօ Դուարտէ Մոնտէյրոն, նկարիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ:

Ցուցահանդէսը գործեց Ռուսական արուեստի թանգարանին մէջ: Ներկայացուեցան Արշիլ Կորքիի ազդեցութիւնը կրած հայ նկարիչներու՝ Էդուարդ Արծրունեանի, Եուրա Յարութիւնեանի, Կարէն Աղամեանի, Շահէն Ասլանեանի, Վիգէն Թադեւոսեանի, Սամվէլ Չիբուխչեանի, Հրաչ Վարդանեանի, Էդուարդ Յակոբեանի, Վահէ Թեւոսեանի, Վահագն Գալըստեանի, Էդուարդ Վարդանեանի գործերը: Ինչպէս յայտարարուեցաւ նկարներու վաճառքէն գոյացած հասոյթը կը տրամադրուի սուրիահայերու «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցման:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսական արուեստի թանգարանի տնօրէնութեան, «Արտ-Կովկաս» Արմենիա միութեան եւ Հայ կանանց միջազգային միաւորման՝ միջոցառման կազմակերպման իրենց գործօն մասնակցութիւնը ցուցաբերելու համար։
ՀՀ սփիւռքի նախարարը ցաւով նշեց, որ այսօր Արշիլ Կորքիի մեծ ժառանգութենէն միայն մէկ կտաւ կայ Հայաստանի մէջ, որը կը ցուցադրուի Ազգային պատկերասրահին մէջ: