Մայիս 20-ին Պրիւքսելի ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ, տեղի ունեցաւ 28+1 ձեւաչափով Հիւսիս-ատլանտեան խորհուրդի նիստը, ուր մասնակցութիւն բերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսենը, Հիւսիսատլանտեան դաշինքի անդամ 28 երկիրներու դեսպանները:

Հայաստանի նախարարները հանդէս եկան ելոյթներով: Իր խօսքին մէջ նախարար Նալբանդեան անդրադարձաւ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան տարբեր բնագաւառներուն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն, միջազգային յարաբերութիւններու օրակարգային խնդիրներու շուրջ Հայաստանի դիրքորոշումներուն:
Հայաստանի պաշտպանության նախարար Սէյրան Օհանեան անդրադարձաւ պաշտպանական համակարգէն ներս իրականացւող բարեփոխումներու ընթացքին եւ այդ ծիրէն ներս կարեւորեց Հայաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ համագործակցութիւնը:
Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն եւ տասնհինգ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ դրական գնահատեցին Հայաստանի եւ Դաշինքի միջեւ 20 տարուայ պատմութիւն ունեցող արդիւնաւէտ փոխ գործակցութիւնը եւ արձանագրուած արդիւնքները:
Ելույթ ունեցողները գոհունակութեամբ նշե-ցին Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագրի իրականացման մէջ Հայաստանէն ներս
իրականացուող բարեփոխումները, Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ խաղաղապահ գոր- ծողութիւններուն Հայաստանի մասնակ- ցութեան կապակցութեամբ:
Այնուհետեւ նախարարներ Նալբանդեան եւ Օհանեանը պատասխանեցին ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններու բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային զարգացումներուն, ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերուն, Ուքրանական ճգնաժամին, եւայլն: