«Karabak open» ֆէյսպուքեան էջին մէջ հաղորդուած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու Արցախի Քաշաթաղ շրջան այցելութեան ընթացքին Արցախի երիտասարդներն ու Քաշաթաղի շրջանի բնակիչները զանոնք դիմաւորած են բողոքի ցոյցով:
Բողոքի մասնակցողները պաստառներու վրայ «Ոչ մի թիզ հող», «Յարգեցէք մեր իրաւունքները», «Ոչ մի օտար զինուոր Արցախում» գրութիւններով դիմաւորած են այցելողները: Ցուցարարները փակած են համանախագահներու ճամբան՝ պահանջելով իջնել եւ պատասխանել իրենց հարցումներուն: Երիտասարդներուն հետ զրոյց ունեցած է ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք:
Այուհետեւ երիտասարդները համանախագահներուն ուղեկցած են մինչեւ Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի շէնք, ուր տեղի ունեցած է համանախագահներու եւ վարչակազմի ղեկավար Սուրէն Խաչատրեանի միջեւ հանդիպում մը, տեւած է 25 վայրկեան: Երիտասարդները մնացած են վարչակազմի շէնքին շրջափակին մէջ մինչեւ հանդիպումին աւարտը՝ բարձրախօսով ներկայացնելով իրենց դիրքորոշումը՝ ազատագրուած հողերու եւ արցախեան հարցի լուծման վերաբերեալ:
Համանախագահները Բերձորէն մեկնած են Ստեփանակերտ, ուր աւելի ուշ հանդիպում տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին հետ:
Նոյնպէս Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է Արցա- խի երիտասարդութեան բողոքի ցոյց, ընդդէմ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի յայտարարութեան, որ ան կատարած էր Ուշինկթընի «Քարնեկի» հիմնադրամի բեմէն, ներկայացնելով Միացյալ Նահանգներու իշխանութիւններու քաղաքական դիրքորոշումը ԼՂՀ հարցի վերաբերեալ՝ բաղկացած վեց կէտերէ: Ցոյցը աւարտած է յայտարարութեամբ: