Հրադադարի կնքման 20ամեակի առիթով հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան հրապարակայնօրէն զգուշացուցած է հակառակորդը:
Արցախի Զինուած ուժերը ստիպուած պիտի ըլլան պատժական գործողութիւններ իրականացնելու, քանի որ հակառակորդը միայն այդ լեզուն կը հասկնայ, յայտարարած է նախարար Մովսէս Յակոբեանը:
Զօրավար Յակոբեան նաեւ շեշտած է, որ այն դիրքերն ու յենակէտերը, ուրկէ հակառակորդը կրակ կը բանայ հայ զինուորի վրայ, կարճ ժամանակուան ընթացքին պիտի գրաւուին:
«The Business Year» լրատուական կայքին հետ կատար-ւած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Եւրոպական Միութեան ընդարձակման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէ յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը շարունակէ մնալ Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ հարցերէն մէկը:
Ըստ Ֆիւլէի՝ Եւրոպական Միութիւնը ամբողջովին կ՛աջակցի ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: