Ընթացքի մէջ են Վարդենիս-Մարտակերտ շուրջ 116 քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհի վերակառուցման աշխատանքները: 

Ճանապարհի 12 հատուածներուն մէջ միաժամանակ ընթացող հողային աշխատանքները կը ներառեն ժայռային պայթեցումներ, ճանապարհի հարթեցում, ընդլայնում, առկայ կառուցուածքներու տեղափոխում: Զուգահեռաբար կը տեղադրուին ջրահեռացման խողովակներ ու կը կառուցուին ճանապարհի եզերքը պաշտպանող կառոյցներ:
Ճիգ կը կատարուի որպէսզի տարեվերջին, հողային աշխատանքներու աւարտին, երթեւկութիւնը հնարաւոր դառնայ։ Այս կը նշանակէ թէ լայն ճանապարհով եւ ժամանակային առումով՝ աւելի շուտ, կարելի պիտի ըլլայ ուղղուիլ Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան շրջաններէն դէպի Արցախի Մարտակերտի շրջանը:
Ճանապարհի լիարժէք գործարկումը պիտի աշխուժացնէ կապը հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ եւ պիտի խթանէ ճանապարհի երկայնքով տարածուած շուրջ երկու տասնեակ համայնքներու ընկերային - տնտեսական կեանքը:
Ճանապարհի անվտանգ եւ լիարժէք գործարկումը հնարաւոր պիտի դառնայ ասֆալտապատման աշխատանքներու աւարտին, ինչ որ կը նախատեսուի գալ տարի լրիւ ամբողջացնել։