Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին մասին փոփոխութիւնները ընդունուեցան խիստ լարուած մթնոլորտի մէջ եւ կանոնագրային խախտումներով:

Օրէնքի փոփո- խութեան քուէարկութեան ընթացքին Ազգային ժողովի իշխանութեան պատգամաւորներուն թիւը դահլիճին մէջ փոքրամասնութիւն էր, իսկ լուսատախտակին վրայ՝ մեծամասնութիւն, այս մասին յայտարարած է ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:

«Երբ պատգամաւորը քուէարկութենէն ետք կը խնդրէ արդիւնքները կանգնեցնել եւ կը մատնանշէ բացակայ քուէարկողներուն պարագան, անոր խնդրանքին նկատմամբ պէտք է յարգանք ցուցաբերել: Յարգելի՛ Ազգային ժողովի նախագահ, յարգելի՛ տեղակալներ, գործենք օրէնքի սահմաններուն մէջ: Այժմ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորներուն թիւը 64 է, եւ օրէնքը անցաւ 67 ձայնով», յայտարարեց Մինասեան:
Նշենք, որ քուէարկեցին միայն իշխող կուսակցութեան խմբակցութեան ներկայացուցիչները, որովհետեւ ոչ իշխանական կուսակցութիւններուն պատգամաւորները պոյքոթի ենթարկած էին նիստը: