2014 Մայիս 4ին, Air Armenia-ի Փարիզ-Երեւան թռիչքներու բացման օրն իսկ Air France Փարիզ-Երեւան թռիչքին սակերը նուազեցուց 200 եւրօ։ Armavia-ի սնանկացումէն ետք եւ նախքան Air Armenia-ի թռիչքներու հաստատումը, Air France մենաշնորհեալ դիրք կը գրաւէր, որուն բերումով դէպի Հայաստան ճամբորդութեան գիները շատ բարձր էին։

Երեւան-Փարիզ թռիչքները այն աստիճան շահաբեր դարձած էին Air France-ի համար որ ան իր թռիչքներուն քանակը 5էն բարձրացուց 7ի։ Կը բաւէր որ Air Armenia յայտարարէր իր գոյութիւնը եւ ապահովէր շաբաթական երկու թռիչք, որպէսզի գիները կտրուկ նուազում արձանագրէին, յօգուտ ճամբորդներուն։ 

Air Armenia օդանաւային ընկերութեան ճամբորդատար շուկայ երեւան գալը շատ լաւ լուր է դէպի Երեւան ճամբորդութիւնները զարգանելու տեսանկիւնէն։ Եւ պէտք է առաւելագոյն ճիգով փորձել անոր գոյութիւնը ապահովել՝ մրցակցային դաշտ ստեղծելու եւ կոտրելու համար մենաշնորհային դիրքը Եւրոպայի այլ օդանաւային ընկերութիւններու մէջ։ Պէտք է ապահովել անոր գոյութիւնը մանաւանդ ներկայ դժուարին պայմաններու մէջ, յատկապէս Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հայաստանի օդային տարածքին «Բաց երկինք» (Open Sky) գօտի հռչակուելէն ետք։ «Բաց երկինք»ի քաղաքականութիւնը ամերիկեան հնարք մըն է, օդային գիծերու շահագործման առաւելագոյն ազատականութիւնը պաշտպանելու համար։ Կարգ մը մեծ պետութիւններ որդեգրած են զայն, ինչպէս ԱՄՆ-ն Եւրոպայի դիմաց, սակայն կարգ մը սահմանափակումներով։ Իսկ Հայաստան ամբողջական «Բաց երկինք» հռչակեց հայաստանեան օդային տարածքը, Ամերիկայի եւ եւրոպական երկիրներու թելադրանքին վրայ։ Ինչ որ կը նշանակէ ոչ մէկ պաշտպանութիւն հայկական օդանաւային որեւէ ընկերութեան, միջազգային գերհզօր ընկերութիւններու դիմաց։ Հետեւաբար, Հայաստանի պետութիւնը ամբողջովին ինքզինք կը զրկէ օդանաւային թռիչքներու
քաղաքականութեան մշակումէ՝ զբօսաշրջութեան զարգացման համար։
* * *
Air Armenia-ի անդրանիկ թռիչքին համար Ֆրանսայէն խումբ մը լրագրողներ հրաւիրուած էին Հայաստան ճամբորդելու՝ այս նոր ընկերութեան գործունէութեան մօտէն ծանօթանալու նպատակով։ Ճամբորդութիւնը կազմակերպած էին Air Armenia-ն եւ Saberatours-ը միասնաբար։
Air Armenia-ի ընդհանուր տնօրէն Արսէն Աւետիսեան տեղեկացուց, թէ Փարիզէն ետք յաջորդ եւրոպական ուղղութիւնը Աթէնքն էր ապա նաեւ կÿուսումնասիրուի գերմանական քաղաքէ մը թռիչք կատարելու կարելիութիւնը։ «Այսօր ունինք երկու օդանաւ՝ Էռպիւս մը եւ Պօյինկ մը։ Ապագային կը նախատեսուի Էռպիւս-320 տիպի այլ երկու օդանաւերու ներգրաւումը մեր ցանցին մէջ եւ այդ գծով բանակցութիւններ կÿընթանան։ Անշուշտ այս առումով դժուարութիւններ գոյութիւն ունին եւ Արմաւիա-ի տխուր փորձառութենէն ետք հայկական ընկերութեան նկատմամբ վստահութիւնը նուազած է», ըսաւ տնօրէնը։
Ապրանքներու փոխադրութեան (գարկօ) ծաւալի գծով Աւետիսեան նշեց, թէ առայժմ «Պօյինկ 747»ով շաբաթը մէկ անգամ Լիւքսանպուրկէն Երեւան «քարկօ-թռիչք» կը կատարեն, իսկ ինչ կը վերաբերի Փարիզին, բնականաբար այդ ապրանքներէն մէկ մասը կը փոխադրուի ճամբորդատար օդանաւերով (2,5էն 3 թոն)։ «Մենք շաբաթը շուրջ 40 թոն բեռ կը փոխադրենք։ Կը կատարենք նաեւ փոքր օդանաւերով տարանցիկ փոխադրումներ, օրինակ՝ Երեւանէն Աշխապատ կամ Տուշանպէ։ Ապագային պիտի փորձենք նաեւ Երեւանէն դէպի մօտ քաղաքներ բեռներ փոխադրել։ Ի միջի այլոց Փարիզէն բեռներու փոխադրութեան գինը՝ քիլոկրամը շուրջ 2,60 եւրօ է»։
Իսկ թէ ո՞ւր կը դասուի Air Armenia-ն միջազգային շուկայի վրայ այսօր ցած գիներով օդանաւային ընկերութիւններու բազմացման դաշտին վրայ, Ա. Աւետիսեան նշեց, թէ հայկականը դասական ձեւով կÿաշխատի, իսկ ցած գիներով օդանաւերը Հայաստանի պարագային չեն կրնար դիմանալ, նկատի ունենալով որ «Զուարթնոց» օդակայանի տուրքերը բաւական բարձր են։ Անոնք կրնան Գիւմրիի օդակայանէն թռիչք կատարել որ աւելի աժան գիներ ունի։ «Զուարթնոց»ի պարագային 20 եւրօ ճամբորդական տուրքն է եւ 22 եւրօ ալ օդանաւային տուրքն է, հետեւաբար, ինչպէս ըսուեցաւ, ցած գիներով օդանաւերը չեն կրնար յարատեւել։
Տնօրէնը յայտնեց, թէ ռուսական ընկերութիւնները ամէն ինչ կÿընեն որպէսզի հայկական ընկերութիւն գոյութիւն չունենայ Հայաստանի մէջ։ Օրինակի համար՝ Air Armenia-ն սկսելուն պէս դէպի Մոսկուա սակերը 200 եւրոյէն իջան 100 եւրոյի…։ Նոյնն է պարագան Air France-ի, հետեւաբար «մենք տարբեր ճակատներու վրայ պէտք է պայքարինք եւ մէկ խօսքով հարկադրուած ենք տոկալու դժուարութիւններուն» ըսաւ ան։ Հայաստանի շուկան հետաքրքրական է օտարներու համար, նկատի ունենալով տարեկան մէկ միլիոն ճամբորդի տարողութիւնը։
Ստեփանակերտի օդակայանի թռիչքներու վերաբերեալ Air Armenia-ի տնօրէնը նշեց, թէ հարցը քաղաքական իմաստ ունի, որովհետեւ օտար ընկերութիւններու պարագային, ո՛ր մէկը որ հոն թռիչք կատարէ, կը նշանակէ թէ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը…, նաեւ թշնամին սպառնացած է կրակելու Ստեփանակերտի երկինքէն անցնող օդանաւերուն վրայ, հետեւաբար առայժմ առկախուած է այդ ուղղութիւնը։