«Պրոսփեկտուս» տարածաշրջանային եւ քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնը, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը կը կազմակերպեն երկօրեայ ամառնային դպրոց Յուլիս 30-էն 31, հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու համար:
Ամառնային դպրոցին կրնան մասնակցիլ ՀՀ, ԼՂՀ եւ Սփիւռքի հանրակրթական եւ աւագ դպրոցի պատմութիւն առարկայի ուսուցիչները: Ծրագրին մասնակցող ուսուցիչներուն նախապէս պիտի տրամադրուի նաեւ համապատասխան գրականութիւն՝ ընթերցելու ու նախապատրաստուելու համար, իսկ աւարտին՝ մասնակցութեան վկայագիր:
Ծրագիրը նպատակ ունի ուսուցիչներուն ծանօթացնել միջազգայնօրէն ընդունուած, տարբեր գիտահետազօտական ու կրթական համակարգերու կողմէ հաստատուած ցեղասպանութեան կրթութեան եւ դասաւանդման հիմնական սկզբունքները: Դասընթացի խնդիրն է նպաստել Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան թեմայի դասաւանդման բարելաւման: