Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստան ժամանած Աքսէլ Ֆիշըրի եւ Ալեն Միլի հետ հանդիպումէն ետք «Առաջին լրատուական»-ին յայտնեց, որ անոնց հետաքրքրած են սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հարցերը:

Յունիս 17-ին Պեռլինի մէջ կայացաւ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ֆրանկ-Վալտեր Շտայնմայերի հանդիպումը։

 Յունիս 16ին Պերլին ժամանած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ Պունթեստաքի նախագահ Նորպերթ Լամերթին հետ: Այցելութիւնը կը շարունակուի:

Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօ յայտարարած է, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է կարելի ամէն բան ընէ միջազգային իրաւունքի արժէչափերուն հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման համար:

Յունիս 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2014թ ծրագրի առաջին փուլի բացման արարողութիւնը: Ծրագրի մասնակիցներուն ողջունեց եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեան: