Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները համաձայնած են հանդիպիլ Փարիզի մէջ։

Այս տեղեկութիւնը հաղորդած ատրպէյճանական «Հաքքին» լրատուական կայքը, սոյն համաձայնութիւնը «մեծ իրագործում» որակած է:

Ըստ դեսպանին՝ հանդիպումը պիտի կայանայ Հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի միջնորդութեամբ: Ֆրանսացի դիւանա-գէտը նշած է, որ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Արցախի հակամարտութեան լուծման ուղիներն ու խաղաղ կարգաւորման դէմ կանգնող խնդիրները: Ֆրանսացի պաշտօնատարը ընդգծած է, որ այս հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ՝ աւելցնելով, որ հակամարտութիւնը լուծելու ժամանակը «վաղուց հասած է»: