ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն հերթական հանդիպումը կը կայանայ այսօր, Հոկտեմբեր 27ին, Փարիզի մէջ:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ երկու երկիրներու նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ, ապա վերջիններուս առիթ պիտի տրուի երկկողմանի հանդիպում մը ունենալու:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու այս հանդիպումը նախաձեռնութիւնն է Ֆրանսայի նախագահին։
Փարիզի հանդիպումէն միջնորդները կ՛ակնկալեն
«հիմնական պահերու լուրջ քննարկումներ»
ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու Փարիզեան հանդիպումին ընթացքին կ՛ակնկալեն խաղաղ համաձայնագիրի հիմնական պահերու լուրջ քննարկումներ: Այդ մասին ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հարցումին իբրեւ պատասխան յայտնած է ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը:
Ինչպէս նշուած է համանախագահներու հաղորդագրութեան մէջ, միջնորդները կը կարծեն, որ նախագահներու հանդիպումները Սոչիի եւ Կալեսի մէջ կողմերուն միջեւ «փոխադարձ գործողութեան ուղի» հարթած են: «Մենք նաեւ յոյսով ենք, որ նախագահները կը պայմանաւորուին փոխադարձ վստահութեան եւ թափանցիկութեան հասնելուն ուղղուած միջոցներու վերաբերեալ: Համանախագահները պատրաստ են կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնութիւն ցուցաբերելու այդ ուղղութեամբ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Համանախագահները կը շեշտեն, որ իրենց կարծիքով՝ «Մինսքի խմբակը միակ ձեւաչափն է, որուն կողմերը կը վստահին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը խաղաղ ճանապարհով»:
Միջնորդները կը կարծեն նաեւ, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան չ՛ազդեր ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վրայ: «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը կախեալ է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու քաղաքական կամքէն, այլ ոչ թէ համաձայնագիրի կամ դաշինքի մը միանալէն: Համանախագահները յոյսով են, որ վերջին հանդիպումներէն ետք կողմերը կրնան տրամադրուիլ խաղաղութեան»:
Համանախագահները հրաժարած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանցի երկու հետախոյզներու դատավարութեան սկիզբը 27 Հոկտեմբերին նշանակելու մասին տեղեկութիւնը մեկնաբանելէ: