Անցնող շաբաթավերջին Հայաստան գտնուեցաւ Լիտվայի արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինկյավիչուս, իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցաւ հարցերու լայն շրջանակ, որոնք ներառին երկկողմ քաղաքական երկխօսութիւնը, տնտեսական յարաբերութիւնները, կրթական, մշակութային կապերը, իրաւապայմանագրային դաշտի ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ խօսուեցան Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու հարցեր: