Հայկական տաղաւարը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է Ֆրանսախօսութեան գիրքի միջազգային 66-րդ ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին Հայաստան անջատ տաղաւար ունէր:
Հայաստանեան տաղաւարին մէջ ներկայացուած էին պետական եւ սեփական հրատարակչատուներու կողմէ վերջին տարիներուն հրատարակուած լաւագոյն նմուշները: Առանձին բաժինով ներկայացուած էին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գիրքերը:
Հայաստանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանը, «Զանգակ», «Անտարես», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւններու ղեկավարները, Գիրքի եւ հրատարակչական գործի կեդրոնի ներկայացուցիչները եւ ոլորտի այլ մասնագէտներ:
Ֆրանքֆուրթի մէջ
Տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի «Մանդիլիոն» գիրքին շնորհահանդէսը: Իրադարձութեան մասնակցեցաւ նաեւ հեղինակը, որ առիթը ունեցաւ զրուցելու տաղաւարի այցելուներուն հետ:
Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած էին քանի մը հարիւր գիրքեր: «Հիմնականօրէն շեշտադրումը դրուած էր այն գիրքերուն վրայ, որոնք հրատարակուած են նաեւ այլ լեզուներով: Արտասահմանի մէջ ապրող հայերը հիմնականօրէն կը հետաքրքրուին լեզուին, երկրի մշակոյթին եւ պատմութեանը վերաբերող գիրքերով, օտարները՝ ժամանակակից գրողներու ստեղծագործութիւններով: Մասնագէտները կը հետաքրքրուին այն նիւթերով, որոնք կրնան թարգմանուիլ այլ լեզուներով» ըսած են հայկական տաղաւարի պատասխանատուները:
Հայկական տաղաւարին մէջ մեծ աշխուժութիւն կը տիրէր, այցելուներուն թիւը բաւական մեծ էր: «Առանձին քննարկում տեղի ունեցաւ՝ «Ցեղասպանութեան կանխման գործում գրականութեան դերը» խորագրով զրոյցին, որուն մասնակցեցան «Բելգէ» հրատարակչութեան ղեկավար Ռակըպ Զարաքօլու եւ թուրք գրող Կուլչիչեք Կիւնել Թեքինը: Քննարկումը բաւական աշխուժ անցաւ: Միջազգային բեմերու վրայ այսպիսի քննարկումներ շատ կ՛ըլլան: Ցուցադրուող գիրքերուն զուգահեռ՝ այս նիւթով քննարկումներ կայացան եւ շատ բան խօսուեցաւ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլեւ՝ այլ ցեղասպանութիւններու մասին եւս: Երեւոյթը ընդհանուրին մէջ պէտք է դիտարկել իբրեւ յանցագործութիւն‘ ցեղասպանութիւնները կանխելու համար:
Նշենք, թէ Ատրպէյճանի տաղաւարին մէջ քաղաքական բնոյթի գիրքերը աւելի մեծաթիւ էին, քան՝ գեղարուեստականները եւ անշուշտ հասկնալի է թէ ինչպիսի բովանդակութեամբ...