Երեւան այցելեց Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալդեր Շդայնմայերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն կ'իրագործէ Հայաստան, Հայաստանի իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման յաջորդած է մամլոյ ասուլիս, որու ընթացքին գերմանացի նախարարը հաստատած է թէ Եւրոպայի մէջ Հայաստանի հիմնական տնտեսական գործընկերներէն կը հանդիսանայ իր երկիրը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուար Նալբանդեան իր կարգին, դիտել տուած է թէ հայ-գերմանական յարաբերութիւնները կը զարգանան պարբերաբար եւ նոր թափ ձեռք բերուած է: Երկու կողմերը ընդգծած են, թէ ամուր իրաւապայմանագրային դաշտ առկայ է երկու երկիրներուն միջեւ: Նոյն պահուն կը զարգանայ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներու ծիրէն ներս երկու երկիրներու համագործակցութիւնը:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ ու յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:


Շթայնմայըր. «Գերմանիա Կը Սպասէ Սարգսեան-Ալիեւ
Փարիզեան Հանդիպումին»


Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Գերմանիան անհամբերութեամբ կը սպասէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու‘ հոկտեմբերի վերջաւորութեան Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին:
Նախարարին համաձայն, ան Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը: «Գերմանիա չափազանց մտահոգ է շփման գիծին վրայ գոյութիւն ունեցող լարուածութեամբ, եւ ուշադիր կերպով կը հետեւի իրավիճակին‘ փափաքելով տագնապի արագ լուծում», ըսած է ան:


«Թուրքիան Պէտք Է Անցեալին Հետ Հաշտուի». Գերմանիոյ Դեսպան

Նախքան Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Հայաստան, Երեւանի մէջ գումարուած էր «Խաղաղութեան կորուստից մինչեւ Եւրոպական Միութեան հիմնումը» թեմայով համաժողով, ուր ելոյթ ունեցած էր Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Ռայներ Մորել: Ան իր խօսքին ընթացքին շեշտած էր թէ Թուրքիա պէտք է անցնի իր անցեալին հետ հաշտուելու սեփական ուղիէն: Ան ըսած է, որ Գերմանիա կրցաւ կատարել այդ քայլը՝ ներողութիւն խնդրելով հրեայ ժողովուրդէն:
«Իմ կարծիքով՝ իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է անցնի անցեալի հետ հաշտուելու սեփական ուղիէն: Այսօր Թուրքիա այդ պատրաստակամութիւնը չի ցուցաբերեր Հայաստանի հանդէպ: Հաւանաբար, Թուրքիոյ յաւելեալ ժամանակ անհրաժեշտ է՝ իր անցեալին մասին մտածելու, իր անցեալը ըմբռնելու համար: Կը կարծեմ, որ մենք իրաւունք չունինք այս հարցով որեւէ պետութեան բան մը պարտադրելու», նկատել տուած է դեսպանը: