«Երբ նախագահը կ՛ըսէ, որ ինք պիտի շարունակէ աշխատիլ այն ուղղութեամբ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացուի, ատիկա արդէն բաւարար հիմք է հաւատալու նախագահին, յատկապէս որ այդ յայտարարութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ մէջ», ընդգծեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Թուրքիա կատարած այցելութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ Ֆրանսան պիտի ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, եւ կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Հոլլանտ ճիշդ է ուղղակիօրէն կոչ չէ ուղղած, բայց իմաստը ատիկա եղած է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որ Թուրքիա կատարած առաջին այցելութեան ժամանակ առանց Ցեղասպանութիւն բառը օգտագործելու նոյն բանը ըսած էր, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ իր պատմութիւնը», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան: Ան աւելցուց, որ ատիկա աննախադէպ դէպք չէ, բայց կարեւոր է, որովհետեւ արդէն երկրորդ պետութեան ղեկավարն է, որ այսպիսի ակնկալիք-պահանջ կը դնէ Թուրքիոյ առջեւ:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի յայտարարութեան, որ Թուրքիա պատրաստ է բանալու արխիւները, Մանոյեան յայտնեց, որ Կիւլ նաեւ նշեց, որ «հարցը պատմաբաններուն հարցն է եւ պէտք չէ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցել: Ան նաեւ նշեց, որ նախ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պատմաբաններու հարց չէ, ատիկա Թուրքիոյ կողմէ Թուրքիոյ պատմութեան ճանաչումն է, որուն համար արդէն իսկ բացուած արխիւին մէջ նոյնիսկ բաւարար ապացոյցներ կան ցեղասպանութեան փաստը հաստատող»:
Ըստ անոր, եթէ Թուրքիա իսկապէս կը ցանկայ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա նոր ուսումնասիրութիւններու կարիք չունի:
«Արխիւներուն ընդամէնը մէկ մասը բացուած է, բոլորը բացուած չեն, բայց արդէն բացուած արխիւներուն մէջ, նոյնիսկ մաքրազտուած վիճակին մէջ, իսկ մենք համոզուած ենք, որ մաքսազտուած են, արդէն կան բաւարար փաստեր, որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, այսինքն՝ գոյութիւն ունեցած է Թուրքիոյ պետութեան կողմէ հայութեան ամբողջութեամբ ոչնչացնելու ծրագիր, որ գործադրութեան դրուած է», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:
Անդրադառնալով Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման՝ Մանոյեան այդ քայլը միանշանակ դրական գնահատեց, յատկապէս որ Լոս Անճելըս որոշ երկիրներու բնակչութեան չափ բնակչութիւն ունի:
«Կարեւոր է, որ առաւելագոյնը շատ այսպիսի ճանաչումներ ըլլան: Ճիշդ է, ասիկա իտէալական ճանաչում չէ, ինչպիսին է պետութեան կողմէ ճանաչումը, բայց որքան այսպիսի ճանաչումները շատնան եւ ոչ միայն բանաձեւերու տեսքով, այլեւ ուրիշ քայլերով՝ մէկզմէկու միջեւ յարաբերութիւններ սկսելով, ատիկա արդէն կը նպաստէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման, որովհետեւ Ազրպէյճանի վրայ ճնշում կ՛ըլլայ‘ հասկնալու համար, որ ինք չի կրնար բանակցութիւնները անվերջ պատանդ պահել, որովհետեւ միջազգային հանրութիւնը կրնայ նաեւ այլ քայլերու դիմել»: