Քեսապի մէջ կատարուած զինեալներու յարձակումներուն դէմ անմիջական քայլերու պահանջքով, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նամակ յղած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփայի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոյի եւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի:

Նամակին մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեան կ'անդրադառնայ եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու կողմէ Օսմանեան Թուրքիոյ ջարդերէն ճողոպրած հայութեան հանդէպ անցեալին ցուցաբերուած օժանդակութեան, խնդրելով որ դարձեալ օգնութեան ձեռք տրուի Սուրիահայութեան եւ Քեսապի հայութեան, որ ներկայիս ապաստանած է Լաթաքիոյ մէջ: