Ե՛ւ հայ, ե՛ւ Թուրքիոյ իրականութեան մէջ կայ ընդհանուր ակնկալիք՝ ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ անոր ընդառաջ՝ իննսունիննամեակին, արդեօք որ պետութիւնները պիտի ճանչնա՞ն զայն, եւ արդեօք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ տեղաշարժ պիտի ըլլա՞յ:

Ապրիլ 22-ին լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին այս մասին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեանը՝ միաժամանակ նկատելով, որ վերջին պարագային՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, դժբախտաբար պէտք չէ ակնկալել, որ պիտի ըլլայ դրական տեղաշարժ՝ բացի անկէ, որ թուրք հասարակութեան քիչ մը աւելի մեծ մասը կը սկսի ճանչնալ ինքն իր պատմութիւնը, որովհետեւ Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան զոհն է նաեւ Թուրքիոյ հասարակութիւնը:
«Սա աւելի շուտ մենք պիտի անենք՝ հայ հասարակութիւնը, տարբեր միջոցներով, բայց նաեւ կապ հաստատելով այդ հասարակութեան հետ. այս դարում դա աւելի հեշտ է: Միաժամանակ պէտք է շարունակել այլ՝ առնչուող հարցերը, պէտք է սկսենք բարձրաձայնել հատուցման տարբեր խընդիրներ՝ նաեւ մղելով Թուրքիայի հասարակութիւնը՝ ճանաչելու ինքն իրեն: ԱՄՆ դեսպանն ասել էր, որ ուժեղ յայտարարութիւն է հնչելու Վաշինգտոնից: Կարծում եմ՝ եթէ իսկապէս ինչ-որ փոփոխութիւն պիտի լինի, ապա ժամանակից շուտ նման յայտարարութիւնը հակառակորդին շանսեր է տալիս կանխելու: Ուժեղը մեզ համար իսկապէս ուժեղ կը լինի, եթէ յստակ Ցեղասպանութիւնը կոչեն այդ անուամբ, այսինքն՝ Ցեղասպանութիւն բառն արտաբերելը, քանի որ մնացածը նա արդէն ասել էր»,- ըսաւ ան:
Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն. նշեց, որ անհրաժեշտ է արդէն այս տարի ձերբազատուիլ այդ արձանագրութիւններէն, քանի որ անոնք սկսած են իրենց առկայութեամբ աւելի մեծ վնաս հասցնել Հայաստանին. Թուրքիան անոնք կþօգտագործէ՝ ցոյց տալով աշխարհին, որ մեր երկիրներուն միջեւ նման յարաբերութիւններ կան: Այդ արձանագրութիւններէն ազատուելու ճանապարհներէն մէկը, ըստ Մանոյեանի, այն է, որ Հայաստան իր ստորագրութիւնը ետ վերցնէ, որովհետեւ ճիշդ պիտի չըլլայ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից թեւակոխել այդ արձանագրութիւններով: Ըստ անոր խօսքերուն՝ աշխարհը չի մեղադրեր Հայաստանին:
ՄՄ Հայաստանի անդամակցութեան անդրադառնալով՝ ան նշեց, որ ազդեցիկ պետութիւնները կը հասկնան՝ ի վերջոյ, Եւրոպան իր պատասխանատուութեան մասը ունի այստեղ, անոր համար հակառակը՝ կը փորձեն այլ ձեւերով յարաբերութիւն պահել, որպէսզի Հայաստանի վրայ հնարաւորինս կարողանան ազդեցութիւն պահել: «Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխարհագրութիւնն իրականում վերջանում է Հայաստանով: Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան առերեսուի իր պատմութեանը, մենք կոնկրետանանք մեր հատուցման եւ իրաւունքների խնդրի վրայ, մեր յիշողութիւնը աշխարհին ներկայացնելու քայլերին անցնենք՝ թանգարաններից մշակութային նախաձեռնութիւններ»,- ըսաւ ան:
Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ հայ - թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ նախագահի յայտարարութեան, թէ անոնք Հայաստանին ու Լեռնային Ղարաբաղին չեն վնասեր:
Ան նշեց, որ նախագահը այնպէս խօսեցաւ, կարծէք թէ երբ բանակցութիւններու գացած էին, արդէն իմացած են, որ Թուրքիան պիտի չի վաւերացնէ այդ արձանագրութիւնները:
«Թուրքիան վաւերացնելու կարիք չունի, որովհետեւ իր ստանալիքը ստացել է՝ աշխարհին ցոյց տալով, որ պէտք չէ խառուել հայ-թրքական յարաբերութիւններին, քանի որ իրենք իրենց հարցերը լուծում են, այնինչ պէտք է հայ-թրքական սահման բացեր, բայց չի բացում, դիւանագիտական յարաբերութիւններ պէտք է հաստատէր, բայց դրանք չկան»,- ըսաւ ան: Մանոյեանը նկատեց՝ կ'ըսուի, թէ չվաւերացնելով այդ արձանագրութիւնները՝ Թուրքիան իր իսկական երեսը ցոյց տուաւ, բայց ի վերջոյ քանի՞ տարի պէտք է սպասենք, որ իր երեսը ցոյց տայ:
Մանոյեան նաեւ չբացառեց, որ Թուրքիան հայ-թրքական արձանագրութիւններէն ոեւէ մէկը-որեւէ պահու վաւերացնէ՝ ծանր կացութեան մէջ պիտի դնէ Հայաստանը: