Դպրոցական նոր տարեշրջանին համար, ուսումնական նոր ճիւղեր բացուած են Երեւանի համալսարանին եւ կրթական ուսումնարաններուն  մէջ։

Նոր բացուած ճիւղերն են՝ լրագրութիւն, թուրքերէն լեզու, հնէաբանութիւն, կենսաքիմիա եւ կենսաբնագիտութիւն։ Անցեալ տարի հիմնուած էր պատանի ուսողագէտներու դպրոցը, վաթսունէ աւելի աշակերտներով։

Կարգ ու կանոնի պահպանութեան հարցին վրայ լուրջ խօսակցութիւններ տեղի ունեցած են վերջերս ոստիկանութեան ճիւղի ղեկավարներուն միջեւ։ Ընդհանուր առմամբ, վերջին շրջանին որոշ յաջողութիւններ արձանագրուած են յանցաւորները երեւան հանելու եւ անօրինական արարքները արգիլելու ուղղութեամբ։ Այսուհանդերձ դեռ կան լուրջ թերութիւններ, որոնց պատճառով Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն մէջ, ինչպէս Ստեփանաւան, Նոյեմբերեան, Մարտունի, Էջմիածին թոյլ է յանցաւորներուն դէմ մղուող պայքարը։

Հայկազեան քոլեճի հայկական ակումբը՝ օգտուելով հաստատութեան անկողմնակալ դիրքէն, ոչ գաղափարական եւ ոչ ալ դաւանական խտրութիւններ դնելու իր կեցուածքէն, որոշած էր դասախօսելու հրաւիրել քոլեճի մանկավարժական ամպիոնի դասախօս Գաբրիէլ Ինճէճիքեանը՝ «Սեւ ու ճերմակ Հայաստանը իրականութեան լոյսին տակ»: Գ. Ինճէճիքեան վերջերս այցելած էր Հայաստան եւ 16 օր մնացած հոն՝ քննական ու ընկերաբանական ակնոցով ուսումնասիրած էր երկրի ու ժողովուրդին իրական վիճակը: Հայկազեան քոլեճի սրահը շատ նեղ կու գար բազմութեան, որ եկած էր լսելու ականատես փրոֆեսէօրի վկայութիւնները Հայաստանի իրական կացութեան մասին: Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի մը գործադրութենէն ետք, հայկական ակումբի մշակութայինի պատասխանատու Գէորգ Աբէլեան հակիրճ խօսքերով  ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ բեմ հրաւիրեց զայն: Գ. Ինճէճիքեան իր դասախօսութիւնը բաժնեց չորս գլուխներու՝ քաղաքական, կրթական, տնտեսական եւ կրօնական: