Վերջերս Հայաստան այցելած են անգլիացի գրագէտ մը՝ Ճոն Փրեսթլի եւ իր կինը՝ Ճ. Հոքսի, «Օպզըրվըր» թերթի հնագիտական բաժնի թղթակիցը:
Գրական զրոյցներուն առընթեր, անգլիացի հիւրերը այցելած են Արինբերդ, ուր Ուրարտուի պատմութեան վերաբերեալ շահեկան տեղեկութիւններ հաղորդած է ակադեմական Կ. Յովհաննէսեան:
«Սան Ֆրանչիսկօ Քրոնիքըլ» ամերիկեան թերթի տեղեկութեանց համաձայն, հռչակաւոր գրագէտ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան Քառասուն օրերը» վէպը ժապաւէնի պիտի առնուի Յունաստանի մէջ, ամրան ընթացքին։ Ֆիլմին գլխաւոր դերակատարուհին, ըստ նոյն թերթի տեղեկութեանց, պիտի ըլլայ Հենրի Ֆոնտայի աղջիկը՝ Ճէյն Ֆոնտա։ Ասկէ մօտաւորապէս տարի մը առաջ ալ խօսուած էր «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» շարժապատկերի վերածելու մասին։ Լուրը հաղորդուած էր «Նիւ Եորք Թայմզ»ի կողմէ։ Թերթը կþըսէր թէ՝ վէպը թատերգութեան պիտի վերածէ հռչակաւոր թատերագիր¬արտադրիչ Քարլ Ֆորմէն, որ հեղինակն է «Նաւարոնի թնթանօթները» պատերազմական հետաքրքրական ժապաւէնին։ Քարլ Ֆորմէն իր այս գործին համար, արտադրիչ ընկերութենէն՝ Մեթրօ Կոլտուին Մէյէրէն պիտի ստանար երկու հարիւր քսանհինգ հազար տոլար եւ տասնորդ մը՝ ժապաւէնի հասոյթէն։ Սպասենք ուրեմն որ, հայ կտրիճներուն քաջագործութիւնը պատմող այս միջազգային գրականութեան մէջ մտած վէպը շարժանկարի վերածուի։ 25 տարի առաջ ալ, Հոլիվուտի ընկերութիւնները աճապարեցին այս գործը շարժանկարի վերածելու համար, բայց, թուրքերը արգելք հանդիսացան անոր, ամերիկեան կառավարութեան միջամտութիւններով։ Սակայն, այս անգամ անկախ ընկերութիւն մըն է այս ֆիլմը արտադրողը եւ յարմար վայրի մը՝ Յունաստանի մէջ, ուր ասկէ երկու տարի առաջ պատրաստուած էր, ուրիշ հակաթուրք ժապաւէն մը Նիքոս Գազանճաքիսի «Քրիստոս վերախաչուած» գործը, ֆրանսական ընկերութեան մը կողմէ։