Մոսկուայի հռչակաւոր Պոլշոյ թատրոնի պարախումբը, Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն Օփերայի սրահին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուցած է աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեանի Սպարտակ պալէն,

որ Մոսկուայի մէջ վերջին անգամ ներկայացուցած էր Ապրիլին։ Պոլշոյ ընկերացող նուագախումբը կազմուած է ամերիկացի երաժիշտներէ։ Տաղանդաւոր ջութակահար Ժիրայր Գանթարճեան նուագած է նուագախումբին հետ։

Վերջերս Թիֆլիսի մէջ գումարուած է խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան միջազգային 10-րդ համագումարը, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստան։ Համագումարին առթիւ հրատարակուած յօդուած մը կը խօսի հայ մասնագէտներու ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մասին։ Այսպէս, հայ մասնագիտները յաջողած են աճեցնել խաղողի 31 բարձրորակ տեսակներ, ստեղծել պարարտացումի նոր եւ աւելի գործնական ձեւեր, պատրաստել գինիի քանի մը նոր տեսակներ, եւայլն։

Նայիրի ժամացոյցները դժգոհութիւն յառաջ բերած են գնորդներուն մօտ։ Արդարեւ, վերջին երկու ամսուն ընթացքին ութսունէ աւելի բողոքագիրներ ղրկուած են գործարանի տնօրէնութեան՝ «արդարութեան խոտանին» համար։ «Ձեր արտադրած «Նայիրի» ժամացոյցին թուատախտակը կարճ ժամանակէ մը ետք փճացաւ։ Ապակին եւ սլաքները անընդհատ դուրս կը թռին, իսկ պատեանն ալ արդէն կորսնցուցած է իր նախկին տեսքը» գրած են բողոքարկուները։ Անցեալ տարուան ընթացքին գործարանը 14.900 ռուպլի տուգանք վճարած է։

Ճափոնի հայ գաղութը կը բաղկանայ տասը ընտանքիներէ, շուրջ քառասուն հոգի։ Ճափոնի  հայերը հաստատուած են՝ մայրաքաղաք Թոքիոյի ինչպէս նաեւ Եոքոհամա, Թոտէ եւ այլ քաղաքներու մէջ ու կը պարապին առեւտուրով։