Աւետիք Իսահակեանի մահուան հինգերորդ տարելիցին առթիւ Երեւանի պանթէոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ անոր դամբանին վրայ հաստատուած որձաքարէ կիսանդրիին, գործ՝ քանդակագործ Ս. Բաղդասարեանի:

Պատուանդանին վրայ փորագրուած են ուղտերու կարաւան մը եւ սիրահարած ուռենին՝ իբրեւ խորհըրդանիշ Ա. Իսահակեանի քերթուածներուն պսակը նկատուող «Աբու Լալա Մահարի»-ի քերթողագրքին: Բացումին առթիւ յաւուր պատշաճի խօսք առած են՝ Էդ. Թոփչեան, Ստ. Զօրեան, Արամ Ինճիկեան եւ Ս. Կապուտիկեան:

 

Ատիս Ապեպայէն ընթերցող մը հետեւեալ տեղեկութիւնները ղրկած է «Արեւելք»-ին՝ Եթովպիոյ հայութեան մասին.- Ատիս Ապեպայի մէջ կայ Ս. Գէորգ հոյակապ եկեղեցին, որ հայկական ոճով շինուած է եւ՝ հսկայ ծառերով եւ արեւադարձային գեղեցիկ տունկերով շրջապատ-ւած: Ատիս Ապեպա քաղաքը, արդէն, ծովէն 2400 մ. բարձրութեան վրայ կը գտնուի, գեղեցիկ պարտէզ մըն է (Ատիս Ապեպա կը նշանակէ «նոր ծաղիկ»): Առաջնորդարանը, որ գեղեցիկ շէնք մըն է եւ՝ ամէն յարմարութիւններով օժտուած, կը գտնուի Հայլէ Սելասիէ անունով ամէնէն նշանաւոր պողոտային վրայ: Առաջնորդարանին կից կը գտնուի Գէորգոֆ ազգ. վարժարանը՝ օժտուած ընդարձակ խաղավայրերով եւ լուսաւոր դասարաններով: Վարժարանը կը յաճախեն 170 երկսեռ աշակերտներ: Գաղութը կը հաշուէ մօտաւորապէս 1200 անձ,  բոլորն ալ՝ բարեկեցիկ: Յարանուանական եւ կուսակցական վէճեր գոյութիւն չունին: Գաղութային ժողովի փոխատենապետը հայ կաթողիկէ մըն է՝ Էլիաս Ճերահեան, ազգանուէր մը, իսկ ատենապետն է Պերճ Պապայեան: Ունինք կօշիկի, կաշիի եւ սուրճի մեծահարուստ գործարանատէր, ինչպէս՝ Տարագճեան, Սվաճեան, Սեֆերեան, որոնց գործարաններուն մէջ կ՛աշխատին հարիւրաւոր գործաւորներ: Եթովպիոյ մէջ հայ գաղութը սկսած է կազմուիլ 70 տարի առաջ: Հայերը մեծամասնութեամբ հաստատուած են մայրաքաղաքին մէջ, ուր գիշերը ցուրտ կ՛ընէ եւ ցերեկը՝ տանելի տաք, գրեթէ ամբողջ տարին գարունը կը տիրէ: