Սրտի գիտութեան, անոր բուժումին եւ վիրաբուժական գործողութեանց՝ երեւանի մասնագիտական երկու նորաստեղծ հաստատութիւնները, որոնք այժմ համբաւաւոր են արդէն, վերջերս կազմակերպած են գիտական նիստ մը, որու ընթացքին ութսունէ աւելի հետաքրքրական յայտարարութիւններ կատարուած են։

Ֆրանսահայ տաղանդաւոր երգահան, երգիչ եւ դերասան Շարլ Ազնաւուր՝ Խորհրդային Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարած յաղթական շրջապտոյտներէն ետք, կը պատրաստուի երկու ժապաւէններ դարձնելու։

Վարչապետ պրն. Եորղոս Բաբանտրէու, օդային գծով Աթէնք ժամանեց եւ ընդունուեցաւ կառավարութեան անդամներուն, երեսփոխաններուն եւ բազմահազար քաղաքացիներու կողմէ, խանդավառ արտայայտութիւններով։

Ցաւով կը տեղեկանանք, որ Համպուրկի մէջ Մայիս 22-ին մեռած է Հայկ Թիւրքեան, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք:

Փարիզի մէջ անցած երեքշաբթի մահկանացուն կնքած է Աննա Բուդաղեան, 84 տարեկանին: Բնիկ շուշեցի, Աննա Բուդաղեան յաճախելէ ետք տեղւոյն հայկական դպրոցը, մտած է Փեթրոկրատի աղջկանց ազնուական դպրոցը, յետոյ անցած Եւրոպա եւ աւարտած է Ցիւրիխի բժշկական համալսարանը: