- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Կիպրոսի կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ: Կիպրահայութիւնը, որ ահագին նիւթական վնասներու ենթարկուեցաւ, անորոշ վիճակի մէջ է: Ինչպէս ծանօթ է, հայութեան մէկ կարեւոր մասը կը բնակէր Նիկոսիոյ թրքական շրջանին մէջ: Ընդհարումներու ընթացքին անոնք բոլորն ալ անցան յունական շրջանը եւ ասոնցմէ բաւական թիւով հայրենակիցներ պատսպարուեցան տուներու մէջ: Տեղւոյս Ազգային իշխանութիւնը, գլխաւորութեամբ
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Կիրակի առաւօտ, ժամը 11-ին, Պարնասոսի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Աթէնքի Ազգային Երաժշտանոցի այս տարուան ընթացաւարտներու երգանուագահանդէսը՝ երաժշտասէր հասարակութեան մը, ծնողներու եւ մասնաւոր հրաւիրեալներու ներկայութեան։ Ներկայ էին նաեւ՝ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ սրբազանը, մամլոյ ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ բաւական թիւով երաժշտասէր հայեր։ Ազգային երաժշտանոցը այս տարի
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
-Յուլիս 1-ի գիշերը, խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ աւարտած են Հայ Օգնութեան Միութեան 44-րդ Պատգամաւորական Ժողովի աշխատանքները։ 1963-64 կազմակերպական տարեշրջանի համար Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընտրուած են՝ տիկին Սիրանոյշ Մխիթարեան, տիկին Թագուհի
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Նշան Պեշիկթաշլեան կը գրէ.- Կոյր եուկոսլաւ մը, Վլատիմիր Եուսեփովիչ, երկամսեայ փորձերէ ետքը, կը ձեռնարկէ հետիոտն գնացքի մը, եւ առանց դադարի կը քալէ քսաներկու ժամ՝ ընթանալով հարիւրքսանհինգ քիլոմեթր, Գրակիւժվաք աւանէն երթալով մինչեւ մայրաքաղաք՝ Պելկրատ: Վլատիմիր Եուսեփովիչ կը հաստատէ, որ կոյր մը կրնայ երկար ճամբորդութիւն մը ընել միայնակ ու առանց արկածի: Իրապէս, այդ ուղեւորութեան ընթացքին, նեցուկ
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Կրթական նախարարութեան պատկան սպասարկութիւնները, քննելով Լիբանանի հայկական վարժարաններու մէջ արաբերէնի ուսուցման կարիքները, թելադրած են, որ յառաջիկայ տարի 100 ուսուցիչներ վերապահուին այդ պաշտօններուն համար: Այս որոշումը կոչուած է լրացնելու մեծ պակաս մը: Արդարեւ, իբրեւ օրինակ, դպրեվանքի տեղեկագրէն ի յայտ կու գայ, թէ անցնող տարեշրջանին կրթական այդ կարեւոր հաստատութիւնը զրկուած է