Սեւանի ելեկտրական իրերու գործարանը յաջողած է արտադրել ապակիէ բանուածքներ, որոնք իրենց յատկութիւններով կը հաւասարին մետաքսին եւ բամպակին։
Այս բանուածքները ամուր եւ թեթեւ են, ելեկտրականութեան եւ տաքութեան դէմ լաւ մեկուսիչներ են, լոյսէն ու զանազան նիւթերու ազդեցութենէն չեն քայքայուիր։ Անոնք կրնան օգտագործուիլ ճարտարարուեստի եւ առօրեայ կեանքի մէջ։ Օրինակ, ասոնցմով կարելի է պատրաստել գունազարդ վարագոյներ, լուսամփոփներ, պաստառներ, եւայլն։ Արտադրութիւնը լայն չափերու վրայ պիտի դրուի, շնորհիւ ձեռք առնուած գործնական միջոցներու։
Բանաստեղծ Քարլ Էլոփ Սվենինկ, վերջերս, Շուէտի մէջ հրակարակած է «Ժամանակակից Արեւելեան պատմուածքներ» խորագրով հաւաքածոյ մը, որ հայկական պատմուածքներ ալ կը պարունակէ։ Թարգմանիչը յայտարարած է թէ՝ իր կարծիքով՝ հայկական պատմուածքները շատ հետաքրքրական ու շատ լաւ են։ Աւելցուցած է թէ այս տարի կամ յառաջիկայ տարի, առանձին հատորով մը, շուէտերէն լեզուով պիտի հրատարակէ հայկական պատմուածքներու փունջ մը։ Ան հիացումով խօսած է Յովհաննէս Թումանեանի մասին եւ յայտնած՝ ի միջի այլոց, թէ այլ բանաստեղծին «Իմ ընկեր Նեսոն» այսուհետեւ պիտի զետեղուի շուէտական դասագիրքերու մէջ։
Հավայեան կղզիներու մէջ կան 10 հայեր, որոնցմէ երկուքը ամուսնացած են օտարներու հետ։ Միւսներէն երեքը պարսկահայեր են։ Պարսկահայերը հայերու կարօտը կը քաշեն, իսկ միւսները քիչ մը ամերիկացած են։
Հայաստանի նախարարաց խորհուրդին կից ստեղծուած վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը իր հրատարակած տեղեկագրով կը հաղորդէ թէ՝ մինչեւ 1 Յունուար 1964, երկրին բնակչութեան թիւն էր 2 միլիոն 70 հազար հոգի։ Այսինքն, մէկ տարուան ընթացքին, բնակչութիւնը աւելցած է 62 հազար 500 հոգիով։