Ֆրանսահայ տաղանդաւոր երգահան, երգիչ եւ դերասան Շարլ Ազնաւուր՝ Խորհրդային Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարած յաղթական շրջապտոյտներէն ետք, կը պատրաստուի երկու ժապաւէններ դարձնելու։

Առաջին ժապաւէնին խորագիրն է. «Կատու մը ճանկելով»։ Երկրորդ ժապաւէնին խորագիրն է. «Բարեբախտ են անոնք՝ որ Ոդիսեւի պէս...»։ Այս երկրորդ ժապաւէնի նիւթը առնուած է Առաջին աշխարհամարտէն։ Պատերազմէն ետք, 1919-ին, երբ երեք զինուորներ կը մոռցուին Սեւաստաբոլի մէջ (Ռուսաստան)։ Ֆրանսա վերադառնալու համար կը մտնեն խեղճ ու կրակ նաւու մը մէջ։ Կը ճամբորդեն Թուրքիա, յունական կղզիները, Եուկոսլաւիա, Միջերկրական եւ վերջապէս կը հասնին Մարսիլիա։ Ճամբորդութիւնը կը տեւէ քսան տարի։

Նիւ Եորքի համաշխարհային ցուցահանդէսը այս տարի հսկայ Երկրագունտ մըն է որ 140 ոտք կը բարձրանայ զով աւազաններու մէջ։ Մէկ քանի ժամուան պտոյտով կարելի է աշխարհի շրջանը ընել եւ հետաքրքրութեամբ դիտել ութսուն երկիրներու տաղաւարները։ Օրինակ՝ Երկրագունտին շրջանը ընելով՝ հանդիպեցայ Յունաստան, Մեքսիքօ, Ազգայինական Չինաստան, Ամերիկա եւ Ափրիկէ։ Յունական տաղաւարը շատ գեղեցիկ էր, ճիշդ Պարթենոնին պէս ճերմակ մարմարէ կերտուած։ Ներսը՝ ցուցադրուած էին արձանները Յունաստանի պարծանք հին փիլիսոփաներու - ինչպէս՝ Սոկրատ, Պղատոն եւ Արիստոտէլ։ Իսկ Մայիս 31-ի մեր Հայկական Օրուան փառատօնը յաղթանակի օր մը եղաւ։ Ամերիկայի չորս կողմերէն հաւաքուած էր 9-էն 10 հազարի հասնող բազմութիւն մը, որ ապրեցաւ ու խանդավառուեցաւ Հայ Մշակոյթով։ Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի պարախումբերը եւ երկու քաղաքներու Գուսան եւ Կոմիտաս երգչախումբերը ներկայացուցին հայ երգի եւ պարի սքանչելի յայտագիր մը, որ հպարտութեամբ ուռեցուց բոլորին սրտերը։ Անոնք հագած էին գունագեղ հայկական տարազներ, որոնք շատ հաճելի էին մեր աչքերուն։