Յուլիս 16-էն ի վեր քաղաքէս Թեսաղոնիկէէն ոչ շատ հեռու՝ Օրէոքասթրօ օդասուն գիւղին մէջ կը գործէ Հ. Գթ. Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջ. վարչութեան կազմակերպած աշակերտական կազդուրման կայանը, ուր Թեսաղոնիկէէն եւ Թրակիոյ շրջանի քաղաքներէն 40 երկսեռ հայորդիներ, Հ. Գթ. Խաչի Շրջ. վարչութեան անձնուէր քոյրերու գուրգուրոտ հոգածութեան տակ, կը վայելեն բնութեան բարիքները։

Օդային գծով Նիկոսիայէն Աթէնք ժամանեց Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս արքեպիսկոպոս, որուն ի պատիւ հացկերոյթ մը տուաւ արտաքին գործոց նախարար պրն. Գոսթոբուլոս։

Հայաստանի Կրթական նախարարութեան հրաւէրով՝ եւ «Արմենիա» նաւով Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Կիպրոսէն Երեւան մեկնած են խումբ մը հայ ուսուցիչներ, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ՝

Հայաստանի ամէնէն վաւերական ու տաղանդաւոր նկարիչը՝ Մարտիրոս Սարեան, հակառակ 84 տարեկան ըլլալուն, երիտասարդական աշխոյժով կը շարունակէ աշխատիլ եւ ստեղծագործել։

Փրոֆ. Հիւպշման ծնած է Փրուսիոյ Էրֆուրթ քաղաքը 1848 Յուլիս 1-ին: Տոքթորութեան աստիճան ստացած է 1872-ին, Միւնիխի համալսարանէն: Նոյն տարին Միւնիխի մէջ ան հրատարակեց «Հոլովումներու վարդապետութիւնը», որուն մէջ հայ լեզուին վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ կան: 1873-ին