(Շար.)
Հանդէսի երկրորդ բաժինը յատկացուած էր նախակրթարանին։ Բարձրագոյն դասարաններու երկսեռ աշակերտներու կողմէ եղան հայերէն եւ յունարէն տրամախօսութիւններ եւ արտասանութիւններ, բոլորն ալ յաջող։

Արտասանութիւններու, խմբերգներու եւ տրամախօսութիւններու ընթացքին ուշագրաւ էր տղոց մաքուր առոգանութիւնը։ Յունական երգերն ու պարերն ալ շատ յաջող էին։ Նախակրթարանի ընթացաւարտներու թիւը այս տարի թէեւ փոքր է ուրիշ տարիներու հետ բաղդատելով -6 հոգի միայն- տասնեակներով ընտանիքներու Այ-Եաննի Ռենտի ինչպէս նաեւ Գարէայի եւ Նէա Զմիռնիի մօտ բազմայարկանի բնակարանները փոխադրութեան պատճառով՝ բայց եւ այնպէս աշակերտներու ընդհանուր թիւը յաւելում արձանագրած է։ Ընթացաւարներուն ուղեալ գեղեցիկ «Հուսկ բանկք» մը խօսեցաւ տիկին Ֆարաճեան, անոնց թելադրելով չմոռնալ իրենց սիրելի վարժարանը, որուն ջերմիկ կամարներուն տակ ստացան իրենց տոհմիկ կրթութիւնը եւ ըլլալ ուշադիր եւ միշտ հնազանդ իրենց ծնողաց եւ պատրաստ՝ ծառայելու ազգին ու հայրենիքին։ Վկայականներու բաշխումը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը։ Շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց ծնողները, բոլորին մաղթելով փայլուն ապագայ։ Սրբազան հայրը սիրոյ եւ համերաշխութեան կոչ ըրաւ եւ ծնողներուն թելադրեց միշտ հետամուտ ըլլալ իրենց փոքրիկներու հայեցի կրթութեան, զանոնք առաջնորդել դէպի հայ դպրոցն ու հայ առաքելական Ս. եկեղեցին, որոնք կը կազմեն մեր գոյութեան գլխաւոր ազդակները։

Լիպիոյ մէջ ներկայիս գոյութիւն ունի փոքրաթիւ հայ գաղութ մը։ Տրիպոլիս քաղաքին մէջ հաստատուած են 12 ընտանիքներ, մօտաւորապէս 60 հոգի։ Կան հայ պաշտօնեաներ ալ, որոնք քարիւղի ընկերութեան մօտ կը ծառայեն, սակայն, մնայուն չեն անոնք։ Հայ ընտանիքներու զաւակները իտալերէն կը խօսին... Ներկայիս հայերը կը յաճախեն տեղւոյն յունական եկեղեցին։