Փարիզի մէջ անցած երեքշաբթի մահկանացուն կնքած է Աննա Բուդաղեան, 84 տարեկանին: Բնիկ շուշեցի, Աննա Բուդաղեան յաճախելէ ետք տեղւոյն հայկական դպրոցը, մտած է Փեթրոկրատի աղջկանց ազնուական դպրոցը, յետոյ անցած Եւրոպա եւ աւարտած է Ցիւրիխի բժշկական համալսարանը:

Փարիզ հաստատուած էր 1923-էն ի վեր եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր հայ ազգային կեանքին, մանաւանդ՝ թատերական մարզին մէջ, որուն նուիրած էր դեռ երիտասարդ տարիքէն: Իր մահով սփիւռքի մտաւորական ընտրանիին արժէքաւոր ներկայացուցիչներէն մէկն է, որ կ՛անհետանայ, անոնցմէ, որոնք գիտցած են միշտ «ներկա՛յ» ըլլալ հոն ուր հայ մշակոյթին պէտք էր ծառայել:


Ն
շանաւոր հայ ճարտարապետ մը Բարսեղ
Տիարեան «Թրիպիւն տը Ժընեւ» 24/4/64, կը գրէ.- Ժընեւի կառուղիներու շինութեան պատասխանատու գործը յանձն առած է հայ ճարտարապետ մը՝ Բարսեղ Տիարեան. ան կիրարկած է հաշուական նոր մեթոտ մը, որ ելեկտրոնային ուղեղի օգտագործումով կը դիւրացնէ շեղակի, կոր կամ խաչաձեւ կամուրջներու կառուցումը: Հաշուական այս մեթոտով քանի մը ժամերու ընթացքին կը լուծուի երեք հարիւր անծանօթներու հաւասարութիւններու հարցը: Առանց այս մեթոտին՝ անկարելի պիտի ըլլար յիշեալ կամուրջներու կառուցումը: Կարելի պիտի ըլլար երկարամենի աշխատանքներէ ետք: Իր կարգին՝ «Ժուռնալ տը Ժընեւ», 23/Դ/64, կը գրէ.- Բարսեղ Տիարեան ի գլուխ հանեց գիտական այն հաշիւները, որոնք կարելի պիտի դարձնեն զուիցերիական հողամասին վրայ շեղակի, կոր կամ խաչաձեւ կամուրջներու շինութիւնը: Բարսեղ Տիարեան օգտագործեց ելեկտրոնային ուղեղը՝ իր ջանքին յաջողութեան համար: Առանց այս հնարամիտ ճարտարապետին՝ հարկ պիտի ըլլար սպասել երկար տարիներ, նոյնիսկ դարեր, նման յանդուգն ծրագիրներու իրագործման համար: