Հայաստանի տարազաբանութեան կոմիտէն վերջերս քննութեան նիւթ դարձուցած է հայերէն լեզուի մէջ գիտական նոր բառեր եւ տարազներ ներմուծելու հարցը։

Այս առթիւ հետեւեալ որոշումը տուած է։ Նկատի առնելով հանգամանքը, որ գիտութեան առանձին ճիւղերու արագ զարգացման, տնտեսական եւ մշակութային հսկայ տեղաշարժերուն հետեւանքով ժամանակակից հայերէնին բառապաշարն ու տարազաբանութիւնը կը զարգանան մեծ արագութեամբ եւ լայն ընդգրկումով, լեզուական սխալներէ եւ աւելորդ երկուութիւններէ խուսափելու համար, ինչպէս նաեւ հայոց լեզուի մաքրութեան շահէն առաջնորդուած, կը պարտաւորեցնէ բոլոր հրատարակչական մարմիններուն, գիտահետազօտական հիմնարկութիւններուն, հեղինակներուն եւ վերջապէս լեզուի հետ կապ ունեցող բոլոր մարմիններուն եւ անձերուն՝ հայոց լեզուի բառապաշարին, քերականութեան, ուղղագրութեան եւ ուղղախօսութեան վերաբերեալ իրենց բոլոր նորութիւնները եւ առաջարկները պարբերաբար ներկայացնել տարազաբանութեան կոմիտէին՝ վաւերացուելու համար։ Միեւնոյն ատեն պիտի առաջարկուի Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիային, որ լեզուի կաճառին կողքին հիմնուի տարազաբանութեան ճիւղ մը, որուն գործը պիտի ըլլայ ղեկավարել վերոյիշեալ աշխատանքները։

Արարատեան երկնքի կարկուտաբեր ամպերուն դէմ խաղաղ ռմբամարտ կը կատարուի։ Երկնասլաց ռումբերու տարափին տակ, բարեբեր անձրեւ կուգայ շաղալէն՝ ռմբաձիգներուն, մրգաստաններուն, այգետսատններուն եւ բամպակի արտերուն վրայ։ Առանց այդ խաղաղ ու փրկարար ռմբակոծումին, արուեստական անձրեւի տակ՝ բնական կարկուտ տեղալով մեծապէս պիտի վնասուէին հողը, ցանքն ու բերքը։ Հայաստան պատերազմ հռչակած է աւերիչ կարկուտին դէմ։ Աշտարակի շրջանը, ուր ստէպ կարկուտ կը տեղայ, Արագածի կողերուն վրայ հաստատուած է կարկուտաբեր ամպերը հալածող եւ անձրեւի փոխող ռմբաձիգներու վաշտը։