Գոքինիոյ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց միութեան Սասունի-Սերոբ խումբերու կողմէ, Ազգային եւ Միացեալ Զաւարեան վարժարանի ընթացաւարտներուն, ինչպէս նաեւ յունական երկրորդական վարժարաններէ ընթացաւարտ՝ Երիտասարդացի խումբերու անդամ-անդամուհիներուն ի պատիւ կազմակերպուած պաղպաղակասեղանը տեղի ունեցաւ Զաւարեան վարժարանի սրահին մէջ։
Ներկայ էին՝ Միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը, եւ ուսուցչական կազմը, Հ. Յ. Դ. Երիտ. միութեան վարչութեան եւ Գոքինիոյ Հ. Կ. Խաչի վարչութեան ներկայացուցիչները, «Հայորդիներ»ու խմբագրական կազմը եւ Պէյրութի Համազգայինի Փալանճեան ճեմարանի երկու սանուհիները։ Հանդիսութեան նախագահ ընկ. Կարօ Աւագեան գեղեցիկ խօսքերով նախ շնորհաւորեց ընթացաւարտները եւ ապա՝ խօսքը ուղղելով նախակրթարանի աւարտականներուն թելադրեց անոնց, չմոռնալ իրենց վարժարանը եւ կապ պահել իրենց պէս նոյն վարժարանը աւարտած այն հայորդիներուն հետ, որոնք Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան խումբերուն անդամագրըւած՝ կը պայքարին յանուն գերագոյն գաղափարի մը՝ հայ ազգի գոյատեւման ու յառաջդիմութեան։ Ընկեր նախագահի հրաւէրին վրայ, այս տարուան ընթացաւարտներէն Աղաւնի Գույումճեան յաջող կերպով արտասանեց Համաստեղի «Հայու Ոգին» իսկ անցեալ տարուան ընթացաւարտներէն ու Երիտասարդացի «Սասունի-Սերոբ» խումբի անդամ՝ ընկ. Եղիա Գասարճեան արտասանեց Յ. Շիրազի «Վերջ Երգանք»ը։ Հ. Յ. Դ. Երիտ. միութեան Գոքինիոյ խումբերու կողմէ ընկ. Արա Մանկոյեան կարդաց գեղեցիկ ուղերձ մը, ուր կը պարզէր Յունահայ գաղութի մէջ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացին վիճակուած կարեւոր դերը եւ որպէս նախկին աւարտական ու ներկայիս անդամ Երիտասարդացի, կոչ կ'ընէր այս տարուան ընթացաւարտներուն մտնել միութեան շարքերէն ներս, ծառայելու համար իրենց ազգին։ Ապա խօսք առաւ միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Ալիս Ֆարաճեան, որ բացատրեց այն դժուարին առաքելութիւնը, որուն լծուած են թէ՝ Ազգ. վարժարանները եւ թէ՛ երիտասարդական միութիւնները։